ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմ.ինֆօ».- Վրաստանի Պաթում քաղաքին մէջ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն միջեւ Մայիս 23ին ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը՝ ռազմական ոլորտին մէջ եռակողմանի համագործակցութիւնը սերտացնելու նպատակով:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուամիջոցին՝ պայմանագիրը ստորագրած են Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Ֆիքրի Ըշըք, Լեւան Իզորիա եւ Զաքիր Հասանով։ Նախարարները քննարկած են նաեւ այդ ոլորտին մէջ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր:
Եռակողմանի համագործակցութեան ծիրէն ներս, Յունիս 4-14ին, Թուրքիոյ մէջ պիտի կայանայ երեք երկիրներու յատուկ նշանակութեան ուժերու մասնակցութեամբ՝ «Կովկասի արծիւ» ռազմափորձերը։ Անոնց պիտի մասնակցին նաեւ Պուլկարիոյ բանակի յատուկ ստորաբաժանումները:
Հանդիպման աւարտին, պաշտպանութեան նախարարները նաեւ ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն մը, ուր կը շեշտուի, թէ կողմերը կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութեան իրաւունքը։
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային տնտեսական ծրագիրներու համատեղ իրականացման առնչուող հարցեր:
Եռակողմանի ձեւաչափով այս հանդիպումը իր տեսակին մէջ 5րդն է, իսկ անիկա Վրաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ՝ երկրորդ անգամն ըլլալով:
Յիշեցնենք, որ նոյն օրը, պաշտօնական այցով Վրաստան ժամանած էր նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ: