ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ներկայացուցած է 2018 տարեշրջանի պետական ամավարկի իր առաջարկները, որոնք կը նախատեսեն մեծապէս նուազեցնել Հայաստանին եւ այլ երկիրներու տրամադրուող աջակցութիւնը:
Արդարեւ, Հայաստանի համար կ՛առաջարկուի տրամադրել միայն 6.8 միլիոն տոլար՝ 2017ին տրամադրուած 20.4 միլիոն տոլարին փոխարէն, այսինքն՝ 67 տոկոսի կրճատում մը։
Վրաստանին ու Ուքրանիոյ տրա-մադրուող օժանդակութիւնները պիտի նուազին յաջորդաբար՝ 57 եւ 70 տոկոսով, իսկ Ատրպէյճանինը՝ 90 տոկոսով, իջնելով 1 միլիոն տոլարի:
Եւրոպական ու եւրասիական երկիրներուն համար առաջադրուած օժանդակութիւնը ընդհանուր առմամբ պիտի կրճատուի 60 տոկոսով, իսկ Միջին Արեւելքի երկիրներունը՝ 80 տոկոսով, սակայն Իսրայէլի տրամադրուող տարեկան 3.1 միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը անփոփոխ պիտի մնայ։
Հայաստանին տրամադրուելիք գումարէն 4 միլիոն տոլար կը յատկացուի տնտեսական զարգացման համար, 1.5 միլիոնը՝ թմրանիւթերու շրջանառութեան վերահսկման, 0.7 միլիոնը՝ հիւլէական զէնքերու տարածման զսպումին ու հակաահաբեկչական պայքարի եւ ականազերծման ծրագիրներուն, իսկ 0.6 միլիոնը՝ ռազմական կրթութեան: