Յիշեցնենք, որ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք թանգարանը, որ լուսարձակի տակ պիտի առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ պիտի իրականացնէ շրջանին համար կենսական նկատուող դաստիարակչական շարք մը ծրագիրներ, արդէն իսկ մէկ միլիոն տոլարի յատկացում մը ապահոված էր նախորդ տարուան նահանգային ամավարկէն:
Փորթանթինօ այս առիթով, համագործակցութեամբ Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լէօնի եւ Ամավարկի ենթայանձնախումբի ատենապետ Ռիչըրտ Ռաթի, կազմակերպած է նիստ մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան անդամ Զաւէն Գազազեան՝ ներկայացնելով ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ անոր կարեւորութիւնը։
Ներկայացման մասնակցած է նաեւ Փորթանթինօ, որ առաջարկած է թանգարանին յատկացուելիք գումարը 4 միլիոնի բարձրացնել։
Նիստի աւարտին, Ամավարկի ենթայանձնախումբը համաձայն գտնուած է առաջարկին եւ որոշած է յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին 3 միլիոն տոլար եւս յատկացնել թանգարանի կառուցման ծրագիրին։
Նշենք, որ նահանգապետ Ճերի Պրաուն, նահանգի յառաջիկայ տարեշրջանի ամավարկին մէջ վերահաստատած է անցեալ Յունիսին խոստացուած 1 միլիոն տոլարը, որ ան սառեցուցած էր՝ Յունուարին վերատեսութեան ենթարկուած ամավարկին մէջ:
Փորթանթինօ ողջունած է յաւելեալ յատկացում տրամադրելու որոշումը։