ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական օդուժը անցած շաբթուան ընթացքին ձախողութեան մատնած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներուն՝ Սուրիոյ հիւսիսային Ռաքքա քաղաքէն Փալմիրա ապաստանելու փորձը։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ զինեալները, հակառակ Ամերիկայի դաշնակից Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու, ինչպէս նաեւ ամերիկեան, ֆրանսական ու բրիտանական մասնայատուկ ուժերու շրջափակումին, Եփրատ գետը կտրելով՝ դուրս կու գան Ռաքքայէն:
Իր կարգին, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը, յղում կատարելով «հաւաստի աղբիւրներ»ու՝ հաղորդեց, որ Ռաքքայի եւ անոր մերձակայ գիւղերուն դէմ միջազգային դաշինքին կատարած օդային հարուածներուն ընթացքին, սպաննուած է ահաբեկչական կազմակերպութեան առաջնակարգ ղեկավարներէն մէկը, որ Պահրէյնի քաղաքացի մըն էր եւ կը հանդիսանար կազմակերպութեան «խորհրդարան»ի ղեկավարներէն ու ամէնէն ականաւոր հոգեւորականներէն մէկը: Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ սպաննուած է նաեւ կազմակերպութեան «Ամաք» լրատուական կայքի հիմնադիրը:
Միւս կողմէ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, որոնք կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը, իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Ռաքքայի մօտակայքը գտնուող Ռաքքա Սամրա եւ Համամ գիւղերը: