– Աշխատաւորական նախարարութիւնը Յունիս 2ին հաղորդեց, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 4.3 տոկոսի իջած է։
– Գերմանիա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Դանիա եւ Գանատա կտրուկ կերպով դէմ արտայայտուած են 2018ի ՆԱԹՕ գերաստիճանը Թուրքիոյ մէջ գումարելու առաջարկին, որուն շուրջ նախնական համաձայնութիւն գոյացած էր նախապէս:
– Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը հրապարակեց Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 16ին կայացած եւ նախագահին լիազօրութիւնները ընդարձակած հանրաքուէին վերաբերեալ իր պաշտօնական տեղեկագիրը, որ լեցուն է խիստ քննադատութիւններով, որոնք հետեւանք կը նկատուին յատկապէս անցեալ տարուան զինուորական հարուածի փորձէն ետք երկրին մէջ շարունակաբար երկարաձգուող արտակարգ դրութեան, որ իր կարգին՝ կը սահմանափակէ քաղաքացիներու հիմնական ազատութիւնները։