ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Յունիս 2ին այցելած է Ֆիզուլիի շրջանի սահմանագիծը. այս մասին կը տեղեկացնէ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։ Հասանով հանդիպած է սահմանագիծի վրայ հերթապահութիւն կատարող զինուորներուն հետ եւ ծանօթացած տեղւոյն իրավիճակին:
Յունիս 1ին Պաքու տեսանիւթ մը տարածած էր՝ պնդելով, որ հոն կ՛երեւին, թէ ատրպէյճանական ուժերը ինչպէ՛ս կ՛ոչնչացնեն Արցախի մէջ եւ Ֆիզուլիի մօտ գտնուող հայկական դիրք մը։ Հայկական կողմը իր կարգին հերքեց այդ յայտարարութիւնը: