ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Օնիկ Գասպարեան նշանակուած է զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալ:
Զօրավար Օնիկ Գասպարեան նախապէս զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի տեղակալն էր:
Մարտական գործողութիւններուն գործօն մասնակցած ըլլալուն, զօրամասերը եւ զօրամիաւորումները յաջողութեամբ ղեկավարելուն, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակաշինութեան գործին անձնական մեծ աւանդը բերած ըլլալուն համար զօրավար Գասպարեան պարգեւատրուած է Հայաստանի «Մարտական ծառայութեան», «Արիութեան», «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» 1ին աստիճանի մետալներով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Մարշալ Բաղրամեան», «Վազգէն Սարգսեան», «Գարեգին Նժդեհ», «Դրաստամատ Կանայեան», «Անբասիր ծառայութեան համար» 1ին, 2րդ, 3րդ եւ 4րդ աստիճաններու, «ՀՀ զինուած ուժերի 20 տար»չ մետալներով:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ: