ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» եւ ՀՕՄի «Կարին» մասնաճիւղերուն, Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2017ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին տեղի ունեցաւ պոլսահայ մտաւորական դոկտ. Լեռնա Էքմէքճիօղլուի հեղինակած՝ «Recovering Armenia» գիրքի ներկայացումը, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, մշակութասէր կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան:
Երեկոյթին բացումը կատարեց ու հանգամանօրէն հեղինակին կենսագրութիւնը ներկայացուց «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուզանա Սարգիսեան:
Լեռնա Էքմէքճիօղլու ծնած ու իր նախնական ուսումը ստացած է Պոլսոյ մէջ. ան նախ յաճախած է Տատեան վարժարանը, ապա՝ Կեդրոնական Հայկական վարժարանը, ստանալով իր վկայականները: Այժմ, դոկտ. Էքմէքճիօղլու Massachusetts Institute of Technology համալսարանին մէջ պատմութեան դասախօս է:
«Ինչպէ՞ս կարելի է ժողովուրդ մը գոյատեւէ՝ ցեղասպանութենէ ետք։ Ինչպէ՞ս եղաւ որ, անոնք, որոնք վերապրեցան Ցեղասպանութենէն ետք, շարունակեցին ապրիլ յանցաւոր պետութեան մը մէջ (Նոր Թուրքիան)»… Այս խօսքերով սկսաւ դոկտ. Էքմէքճիօղլու իր պատմական ելոյթը, ապա ըսաւ. «Գիրքը ունի երկու մասեր ու անցումային շրջան մը, որ երկու մասերը իրարու կը կապէ… Առաջին ժամկէտը կը սկսի ստորագրութեամբը «Մուտրոս»ի զինադադարին, 1918ի Հոկտեմբերին, երբ Օսմանեան կառավարութիւնը ընդունեց պարտութիւնը: Անիկա տեւեց մինչեւ 1922ի Սեպտեմբեր, երբ Քեմալական ուժերը կնքեցին իրենց յաղթանակը ընդդէմ դաշնակիցներուն եւ հայկական տարածքային պահանջներուն։ Ապա կայ մէկ տարուան անցման շրջան մը՝ ուշ 1922էն մինչեւ ուշ 1923 թուական, որ կը նախանշէ «Լօզան»ի ստորագրումը՝ Անգարայի կառավարութեան ու դաշնակիցներուն միջեւ. այս պայմանագիրը կը հանդիսանայ ծննդեան վկայագիրը այսօրուան Թուրքիոյ»:
Դոկտ. Էքմէքճիօղլու շարունակեց խօսքը՝ ըսելով. «Ապա կու գայ երկրորդ շրջանը՝ 1923էն մինչեւ 1933 թուական, տասնամեակ մը Թուրքիոյ հաստատումէն ետք՝ որպէս հանրապետութիւն, որ նաեւ կը համընկնի «Հայ Կին» ամսագիրի հրատարակութեան փակման, եւ կը ծառայէ որպէս իմ նախնական ուղեցոյցը՝ այս դարաշրջանին»:
Յաջորդաբար, դոկտ. Էքմէքճիօղլու նկարագրեց հայ-թրքական փոխյարաբերութիւններէն զանազան դրուագներ՝ ըսելով. «Ջարդէն ամիջապէս ետք, հայերուն, հրեաներուն ու յոյներուն կեանքը դժուարացաւ: Գործածել միա՛յն թրքերէնը, դասաւանդել թրքերէն, արգիլել բոլոր ոչ-թուրք լեզուներուն՝ հանրային շրջանակներէ ներս գործածութիւնը, քաջալերել, որ անոնք թուրքերու հետ աւելի շաղուին եւ ընդունին մահմետական կրօնքը, հոգեբանութիւնը ու սովորութիւնները, բան մը, որ Ցեղասպանութեան երկրորդ փուլ կը թուէր ըլլալ»:
«1922էն մինչեւ 1923, Լօզանի դաշնագիրը իրաւունք տուաւ փոքրամասնութիւններուն գործածելու իրենց լեզուն, կրօնքը եւ զանազան սովորութիւններ, սակայն այդ դաշնագիրը լրիւ իրաւասութիւններ չունենալով՝ այս իրաւունքները մասամբ անտեսուեցան կառավարութեան կողմէ: Հայերը, վարժուած ըլլալով ապրիլ իբրեւ երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ՝ կրցան գոյատեւել այդ դժուարին պայմաններուն տակ», բացատրեց պատմաբանը։
Աւարտին, դոկտ. Էքմէքճիօղլու առիթ տուաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու. եղան բազմաթիւ հետաքրքրական հարցումներ, որոնց գոհացուցիչ կերպով պատասխանեց յարգելի բանախօսը:
Երեկոյթի փակման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Մարի Քարբանեան, որ մեծապէս գնահատեց դոկտ. Էքմէքճիօղլուի ելոյթն ու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր գիրքը, որմէ օրինակներ կը վաճառուէին արդէն ձեռնարկին ընթացքին։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ այդ ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան աւելի մօտէն զրուցելու բանախօսին հետ: