ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 10 Յունիս 2017ի կէսօրէն առաջ ժամը 11ին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած գնահատանքի ձեռնարկը, որուն ընթացքին հայկական եւ տեղական երկրորդական վարժարաններէ 32 յառաջադէմ շրջանաւարտներ պարգեւատրուեցան կրթանպաստներով: Այս ուրախ առիթով, հարիւրէ աւելի կրթասէրներ, ՀՕՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ ու անդամներ համախմբուած էին նշեալ կեդրոնը՝ ականատես ըլլալու եւ քաջալերելու շրջանաւարտ երիտասարդները:
Կրթական կարեւոր այս նախաձեռնութեան նիւթական բաժինը տրամադրուեցաւ շրջանաւարտներու բնակած վայրի ՀՕՄի մասնաճիւղերուն կողմէ, իսկ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը յատուկ գնահատագիրներ յանձնեց անոնց:
ՀՕՄի համար այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր աւանդութիւն մըն է, որ նպատակ ունի քաջալերել հայ շրջանաւարտը շարունակելու իր ուսումը, ինչպէս նաեւ՝ համախմբել զանոնք իրենց ծնողներուն, տնօրէններուն, խորհրդատուներուն եւ ՀՕՄի անդամներուն հետ, անոնց ծանօթացնելու Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութիւնն ու մարդասիրական նպատակները՝ քաջալերելով զանոնք օգտակար հանդիսանալու իրենց ազգին ու հայրենիքին:
Ներկաները ողջունեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեան, որ, առաջին հերթին, անդրադառնալով ՀՕՄի առաքելութեան՝ շեշտեց, թէ «ՀՕՄը մեծապէս կը քաջալերէ հայ երիտասարդութիւնը՝ ստանալու բարձր ուսում, եւ այս նպատակով, 100 տարիներէ ի վեր, հազարաւոր կրթանպաստներով պարգեւատրած է հայ ուսանողներ: Այդ կրթանպաստը ստացող քանի մը ուշագրաւ ուսանողներէն են Արամ Հայկազն ու Մուշեղ Իշխանը, որոնք յետագային դարձան նշանաւոր հայ գրողներ»:
Ապա, ան յոյս յայտնեց, որ ուսանողները իրենց նախընտրած մասնագիտութիւնները նուաճելէ ետք, կամաւոր աշխատանքով օգտակար կը հանդիսանան այդ իսկ կազմակերպութիւններուն, որոնցմէ օ-գուտ տեսած են նախապէս:
Եզրակացնելով՝ ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւատրուող ուսանողներու ծնողներուն, որոնք կը զօրակցին ու կը քաջալերեն իրենց զաւակները բա՛րձր ուսում ստանալու, ինչպէս նաեւ՝ ՀՕՄի մասնաճիւղերը, որոնք միջոցներ կ՛ապահովեն տրամադրելու համար այսօրուան կրթանպաստները:
Ատենապետուհիի խօսքերէն ետք, ներկաներուն հրամցուեցաւ ՀՕՄի մարդասիրական աշխատանքները արտացոլող տեսերիզ մը, որ մեծապէս տպաւորեց ներկաները:
Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցան ՀՕՄի կրթանպաստ ստացած անցեալի յառաջադէմ շրջանաւարտներ Գարուն Ալռայէսն ու Քրիս Պետոյեանը: Անոնք շնորհաւորեցին պարգեւատրուող շրջանաւարտները, շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ ՀՕՄի կրթանպաստին արժանացած ըլլալնուն համար, ապա ներկայացուցին իրենց անձնական զբաղումները եւ ընդգծեցին իրենց համայնքին օգտակար ըլլալու կարեւորութիւնը: Երկու հայորդիներն ալ հաստատեցին տքնաջան աշխատանքով բարձունքներ նուաճելու իրականութիւնը եւ իրենց սորվածը կամաւորապէս իրենց համայնքին վերադարձնելու կարեւորութիւնը: Յատկապէս Գարուն Ալռայէս հպարտութեամբ յիշեց, թէ ինք ՀՕՄի քարոզչական եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբերու անդամ է եւ գոհունակութիւն յայտնեց այն բանին համար, որ իր մասնագիտութիւնը (marketing) կրնայ օգտագործել այդ աշխատանքներուն մէջ:
Ոգեւորիչ այս պատգամներէն ետք, յառաջադէմ շրջանաւարտները ստացան իրենց հաստատագիրներն ու պարգեւները: Հաստատագիրները հերթաբար յանձնուեցան Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ, իսկ ՀՕՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները 500ական տոլար կրթանպաստ յանձնեցին ընտրեալ յառաջադէմ աշակերտներուն:
ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին կողմէ պարգեւատրուող Ռըսիտա Հայ Սքուլի շրջանաւարտ Արա Կերի Ազատեանը, հայրենասիրական իր ոգին արտայայտելու համար, գեղեցիկ անակնկալով մը մեներգեց «Կռիւ ենք գնում եղբայրս ու ես» հայրենաշունչ երգը՝ մեծ յուզում յառաջացնելով սրահէն ներս:
Ստորեւ՝ կրթանպաստ ստացած աշակերտներու անուանացանկը.
ՀՕՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» Մասնաճիւղ
– Արա Կերի Ազատեան – Ռըսիտա Հայ Սքուլ
– Սեդա Մարինք Դաւիթեան – Թաֆթ Չարթըր Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Մոնթեպելլոյի «Անի» Մասնաճիւղ
– Դաւիթ Խաչատրեան – Մեսրոպեան Ազգային Վարժարան
ՀՕՄի Սաութ Պէյի «Արաքս» Մասնաճիւղ
– Քլեր Պօղոսեան – Փալոս Վերտէ Փենինսուլա Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» Մասնաճիւղ
– Արուին Խաչիկեան – Պըրպենք Հայ Սքուլ
– Գէորգ Մայիլեան – Պըրպենք Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Լոս Անճելըսի «Մարօ» Մասնաճիւղ
– Էւա Մուրատեան – Մեսրոպեան Ազգային Վարժարան
ՀՕՄի Նորթ Հոլիվուտի «Մեղրի» Մասնաճիւղ
– Լիլա Պուտուզեան – Սիզըր Շաւէզ Լըրնինկ Աքատեմիա
ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղ
– Յարութիւն Տէմիրճեան – Ժան Մարշըլ Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» Մասնաճիւղ
– Ալէքս Մանուկեան – Մեսրոպեան Ազգային Վարժարան
– Քրիսթին Մունքիճանեան – Մոնթեպելլօ Հայ Սքուլ
– Թալին Հարպոյեան – Շուր Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» Մասնաճիւղ
– Վահէ Ակոբեան – Հուվըր Հայ Սքուլ
– Ռոնի Սամսոն Սաֆիանի – Հուվըր Հայ Սքուլ
– Մրրիկ Նուպարենց – Հուվըր Հայ Սքուլ
– Աննա Բաբախանեան – Կլենտէյլ Հայ Սքուլ
– Միքայէլ Մանուկ Բարղութեան – Կլենտէյլ Հայ Սքուլ
– Թիֆընի Վիքթորիա Փարթամեան – Կլենտէյլ Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Օրենճ Քաունթիի «Սեւան» Մասնաճիւղ
– Կրեկորի Միխանճեան – Ըրվայն Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
– Գայլը Վարդուկեան – Մարշըլ Ֆենտիմենթըլ Սեքընտըրի Սքուլ
– Զեփիւռ Օհանեան – Մարշըլ Ֆենտիմենթըլ Սեքընտըրի Սքուլ
– Ճոնաթան Մինասեան – Մարանաթա Հայ Սքուլ
ՀՕՄի Լա Քրեսենթայի «Թալին» Մասնաճիւղ
– Արուին Ա. Սարգիսեան – Գլարք Մակնէթ Հայ Սքուլ
– Արին Սարգիսեան – Քրեսենթա Վելի Հայ Սքուլ
– Արման Խաչատրեան – Վըրտուկօ Հիլզ Հայ Սքուլ
Յայտնենք, թէ ՀՕՄի հեռաւոր մասնաճիւղերը եւս իրենց շրջաններու երկրորդական վարժարաններէն յառաջադէմ հայ շրջանաւարտներ պարգեւատրեցին կրթա-նպաստներով: ՀՕՄի ներկայացուցիչները, ներկայ գտնուելով իրենց ընտրեալ շրջանաւարտներու երկրորդական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն՝ ելոյթ ունեցած եւ ՀՕՄը ծանօթացուցած են ներկաներուն ու բացատրած ՀՕՄի առաքելութիւնը: Այսպէս.
ՀՕՄի Ֆինիքսի «Արարատ» մասնաճիւղը կրթանպաստ տրամադրած է Քըրք Խորսիքեանին, Թաթիանա Էքմէքճեանին եւ Էտվին Զարգարեանին:
ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղը՝ Սարգիս Պուլատեանին ու Նարեկ Խաչիկեանին:
ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղը՝ Ատրինէ Սիմոն Թոքաթլեանին ու Թիֆընի Թիւֆէնքճեանին:
Երեկոն վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու մօտէն ծանօթանալու եւ առաւել տեղեկութիւններ քաղելու ՀՕՄի գործունէութեան, նպատակներուն ու առաքելութեան մասին: