ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ֆինանսաւորումով Ստեփանակերտի մէջ կը վերակառուցուի «Սօսէ» մանկապարտէզը: Այս մասին «Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան Քաղաքաշինական պետական տեսչութեան պետ Դաւիթ Աւանեսեան՝ նշելով, որ 2015ի Օգոստոսէն սկսած են մանկապարտէզի վերակառուցման աշխատանքները:
«Այժմ կ՛ընթանան մանկապարտէզի ներքին յարդարման, երեսապատման եւ բակի բարեկարգման աշխատանքները: Վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար նախատեսուած է 429 միլիոն 827 հազար դրամ: Մանկապարտէզը պիտի բացուի այս տարուան Օգոստոսին», ըսաւ Դ. Աւանեսեան:
Ներկայիս, «Սօսէ» մանկապարտէզը կը գործէ ժամանակաւոր կերպով տրամադրուած վայրին՝ Ստեփանակերտի նախկին թիւ 6 դպրոցի մասնաշէնքերէն մէկուն մէջ: Արմինէ Յարութիւնեանի համաձայն՝ ներկայիս մանկապարտէզ կը յաճախեն շուրջ 70 երեխաներ:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, «Սօսէ» մանակապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբը եւ ՀՕՄի զանազան կառոյցներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ կը շարունակեն նախաձեռնել դրամահաւաքներու՝ շինարարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու նպատակով: