ԵՐԵՒԱՆ.- Իրան հայաստանցի 5 դասախօսի եւ 15 ուսանողի կրթաթոշակ տրամադրած է՝ բնական գիտութիւններու ուղղութեամբ Իրանի մէջ աշխատելու եւ ուսանելու համար:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մօտ յայտնեց Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ ճարտարագիտութիւններու նախարար Մոհամմատ Ֆարհատի՝ երկու երկիրներու կրթութեան նախարարներուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն ետք:
«Այս յուշագիրի ստորագրումով, աւելիով պիտի ամրացնենք ու խորացնենք մեր համագործակցութիւնը: Բացի դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխանակումէն՝ նաեւ փորձառութեան փոխանակում պիտի իրականացնենք: Պիտի յատկացնենք կրթաթոշակներ կարճաժամկէտ եւ երկարաժակէտ հատուածներու մէջ: Համալսարաններէն բացի, պիտի համագործակցին նաեւ ճարտարագիտական մարզին մէջ», նշած է Մոհամմատ Ֆարհատի:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, իր հերթին, ընդգծած է, որ Հայաստանի դռները եւ հնարաւորութիւնները նոյնպէս բաց են իրանցի ուսանողներու եւ դասախօսներու համար. «Նման բազմաոլորտ պատուիրակութեան այցը պիտի նպաստէ մեր երկիրներու համագործակցութեան՝ գիտութեան ոլորտին մէջ: Տպաւորիչ է գիտութեան բնագաւառին մէջ Իրանի ունեցած արդիւնքները. շարք մը ուղղութիւններով անիկա համաշխարհային առաջատարներէն է: Մենք ունինք համագործակցութեան շատ մեծ դաշտ»:
Յուշագիրով կողմերը պիտի խթանեն գիտական կազմակերպութիւններու, համալսարաններու եւ հետազօտական հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի ամրապնդեն երկու պետութիւններու գիտական համայնքներուն միջեւ կապերը:
Կողմերը մասնաւորապէս պիտի համակարգեն համատեղ հետազօտական նախագիծերու երկկողմ ֆինանսաւորումը երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ՝ բնագիտութիւն, կենսաբանութիւն, քիմիագիտութիւն, ջրային գիտութիւններ, ճարտարագիտութիւն եւ բարձր արտադրողականութեան համակարգչային հաշուարկներ:
Պիտի ստեղծուի նաեւ գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ ճարտարագիտութիւններու համատեղ կոմիտէ: