ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Շըրմըն Օքսի իր գրասենեակին մէջ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, գնահատագիր մը յանձնած է դոկտ. Վերժին Մատէլեանին, գնահատելու համար անոր համայնքային կամաւոր սպասարկութիւններն ու բարեգործական ջանքերը:
Քոնկրեսականը լուսարձակի տակ առած է յատկապէս 2003էն ի վեր Մատէլեանի տարած ջանքերը՝ ի նպաստ Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին (ABMDR)։
Նշենք, որ Մատէլեան Մեսեչուսեցի համալսարանին մէջ մասնագիտացած է եւ դոկտորի կոչումը ստանալէ ետք՝ նուիրուած է գիտական ուսումնասիրութեանց։ Վերջին 14 տարիներուն, ան նաեւ բջիջներու կենսաբանութիւն եւ մանրակենսաբանութիւն դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ: Հեղինակած է շարք մը գիտական հատորներու հատուածներ, ինչպէս նաեւ՝ աւելի քան 300 գիտական յօդուածներ։
Յատկանշական է նաեւ, որ Նիւ Եորք ապրած տարիներուն, դոկտ. Վերժին Մատէլեան հայերէն եւ հայ մշակոյթ դասաւանդած է հայ պատանիներու, իսկ Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք՝ կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է «Երկիր» կազմակերպութեան, որուն նպատակն է նպաստել Հայաստանին եւ Արցախի սահմանային շրջանները բնակողներուն։
Այս առիթով, Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն շնորհաւորած է Մատէլեանը, միաժամանակ դրուատելով անոր նուիրումը:
Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել abmdr.am կայքը, կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին: