ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2017ի առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ, հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 96րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովին, հիւրընկալութեամբ ՀՕՄի ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան:
Ներկայ գտնուեցան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ՝ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանի, նաեւ՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան, Մարալ Մաթոսեան եւ Ռիթա Հինդլեան, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուբինա Յովնանեան-Մանուչերի, Շրջանային վարչութեան հիւրեր, մասնաճիւղերէ ընտրուած պատգամաւոր եւ դիտող ՀՕՄի անդամներ:
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեան հանդիսութիւնը բացուած յայտարարելէ ետք, Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները մեներգեց վաստակաշատ երգչուհի Անահիտ Ներսիսեան: Ապա, հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ ըսաւ. «Այս ժողովները պատմական հանգրուաններ են բոլորիդ համար: Սակայն եւ այնպէս, մենք կը հաւատանք, որ ՀՕՄականը պատմութիւն կերտելու համար հանգրուաններու չի սպասեր, որովհետեւ ՀՕՄին համար, իր ծննդեան օրէն ետք իւրաքանչիւր օր ծառայական պատմութիւն կերտելու առիթ է եղած ու կը մնայ ծառայութիւն, որուն նպատակն է գթասրտութեամբ լեցուն հոգիով գործել ի խնդիր մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, որոնք աջակցութեան կարօտ են»:
Այնուհետեւ, վեր առնելով ՀՕՄի վաստակը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ առաջնորդ հայրը հաստատեց, թէ ՀՕՄի բոցավառ ջահը միշտ վառ պիտի մնայ, իր անդամներու նուիրումին շնորհիւ: Իսկ անդրադառնալով Արամ Ա. հայրապետին կողմէ 2017ը «Վերանորոգումի տարի» հռչակուած ըլլալու իրողութեան, ան վստահութիւն յայտնեց, թէ ՀՕՄը կը հետեւի յատկապէս «Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային գօտիներուն մէջ զգուշաւոր խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Հալէպի մեր գաղութի վերականգնումի առաջին քայլերուն, աղօթելով ու յուսալով, որ խաղաղութեան երթը ըլլայ անխափան…»:
Առաջնորդ հօր սրտառուչ ելոյթէն ետք, Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Ռեպեքա Պէրպէրեան, որ խօսքը ուղղելով ժողովականներուն՝ ըսաւ. «Ձեր մասնակցութիւնը պատգամաւորական այս ժողովին կը վկայէ ձեր յանձնառութիւնը այս կազմակերպութեան եւ համայնքին հանդէպ, որոնց կը ծառայէք: Այն որոշումները, զորս այս պատգամաւորական ժողովը պիտի ընդունի իբրեւ թլելադրանք կամ բանաձեւ, անդրադարձ պիտի ունենան ՀՕՄի ուղղութիւններուն վրայ, ըլլա՛ն անոնք շաբաթօրեայ վարժարաններու գործունէութիւն, Ընկերային ծառայութեան ապագայ ծրագիրներ թէ մեր 26 մասնաճիւղերու պատկանելիութիւն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր պատկեր, հեղինակութիւն եւ դեր՝ համայնքէն ներս:
Ան յայտարարեց նաեւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի վերակազմաւորման գծով առնուած որոշումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ կարգ մը ծրագիրներու յաջող իրագործումներուն, որոնց կարգին «Միացէք ՀՕՄին» կարգախօսի տարածումը, նոր կայքը, ՀՕՄի քարոզչական թղթակալի հրատարակումը, տնազրկութիւնը կանխարգիլող փորձառական ծրագիրը, ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան ծրագիրը:
Շրջանային վարչութեան ատենապետի գեղեցիկ այս պատգամէն ետք, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անունով ելոյթ ունեցաւ Կարօ Իսբէնճեան, որ առաջին հերթին գնահատեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովին, այն ակնկալութեամբ, որ անիկա օգտակար որոշումներով եզրափակուի: Ապա ան մատնանշելով միութենական զանազան երեւոյթներ՝ ըսաւ. «Իբրեւ ՀՕՄի մօտ Կեդրոնական կոմիտէի կապը, լսած եմ ձեր դժուարութիւններուն, գանգատներուն մասին: Այս մէկը նորութիւն չէ եւ առաջին անգամը չէ որ շրջան մը, կազմակերպութիւն մը, մարմին մը ունեցած է դժուարութիւններ, ըլլան անոնք նիւթական, անձնական կամ հաւաքական: Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ մարդ արարածներ ենք եւ սխալներ կը գործենք: Չի կրնար ըլլալ կազմակերպութիւն մը, որ ունի 1200 անդամ, տարբեր տարիքի, տարբեր փորձառութիւններով, կարենայ ամէն ինչի շուրջ համաձայն ըլլալ: Եթէ նայինք մեր պատմութեան, շատ աւելի դժուար օրեր անցուցած ենք: Այս առաջին անգամը չէ որ սերնդափոխութեան հարցը կը խօսուի հոս կամ ուրիշ կազմակերպութիւններու մէջ: Առաջին անգամը չէ որ նիւթական դժուարութիւններ անցուցած է ՀՕՄը, առաջին անգամը չէ որ լեզուի հարց ունեցած ենք»:
Այսուհանդերձ, Իսբէնճեան վստահեցուց, թէ «այս բոլոր դժուարութիւնները կարելի է միասնականութեամբ յաղթահարել, մանաւանդ եթէ անձնական եսն ու փառքը մէկ դի դնենք, անտեսենք եւ աշխատինք մեր յառաջդիմութեան համար, յատկապէս այս օրերուն, երբ արդիական միջոցներով դիւրութեամբ կարելի է լուծումներ գտնել: Ան յոյս յայտնեց, որ ՀՕՄի 96րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը կ՛անդրադառնայ կարեւոր հարցերու, որոնք տառապանք եւ մտահոգութիւն կը պատճառեն մեր գաղութին: Եզրակացնելով՝ Իսբէնճեան կոչ ըրաւ ժողովականներուն, որ իբրեւ նուիրեալ միութենականներ, օգտակար աշխատանք տանելու համոզումով դուրս գան այս ժողովէն, «այնպէս, ինչպէս ՀՕՄը 100 տարիներէ աւելի աշխարհի ամբողջ տարածքին օգնած է մեր ժողովուրդին եւ մեր գաղութին: Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն»:
Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցեց Մարալ Մաթոսեան, որ ըսաւ. «Ազգովին, թէ որպէս երկա՜ր ճանապարհ կտրած համահայկակա՛ն կազմակերպութիւն, փորձութիւններով լի շրջան մըն է, զոր բոլորեցինք: Արցախի ապրիլեան կարճատեւ, միանգամայն անհամեմատօրէն աւերիչ պատերազմը եկաւ յիշեցնելու, թէ կ՛ապրինք լուրջ վտանգներով լի աշխարհի մը մէջ, ուր, ինչպէս պատմութիւնը միշտ ցոյց է տուած, յաղթակա՛ն ենք, երբ որպէս միացեա՛լ հայութիւն դուրս կու գանք մեր ժողովուրդի թշնամիներուն դէմ: Յաղթակա՛ն ենք, երբ միացեա՛լ ոգիով, միացեալ կարգապա՛հ ուժերով կը լծուինք աշխատանքի»: Ապա, բացատրելով շրջանի հաւաքական կամքը արտայայտող Շրջանային պատգամաւորական ժողովներու ընթացքը՝ ան շեշտեց ՀՕՄուհիներու նուիրումի ոգին, որուն շնորհիւ ՀՕՄը գոյատեւած է 107 տարիներ, կատարելով մարդասիրական եւ կրթական աշխատանքներ:
Ընկերուհին ժողովականներուն յիշեցուց, թէ ՀՕՄը կը գտնուի նոր հանգրուանի մը սեմին եւ այս իմաստով ՀՕՄի վերջին Համահայկական պատգամաւորական ժողովը, ընթացիկ ծրագիրներէն անդին, ՀՕՄի ապագայ ուղին գծելու պարտաւորութեան տակ դրած է բոլոր իր անդամները: Այս պարտաւորութեան լոյսին տակ, ընկերուհին իբրեւ անմիջական լուծելի հարցեր ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց սուրիահայութեան ընկերային ու տնտեսական ողբալի վիճակն ու դրութիւնը, հայրենիքի ընկերային ներկայ կառոյցի բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի շարունակական սպառնալիքի տակ ըլլալը, Ջաւախքի ընկերային ու տնտեսական կարիքները, ինչպէս նաեւ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդին հայապահպանման անյետաձգելի աշխատանքները:
Եզրակացնելով՝ ընկերուհին վստահութիւն յայտնեց՝ ըսելով. «Այս ժողովը գործնական, խոհուն ու համարձակ ոգիով ձեւաւորուած որոշումներով, արդիւնաբեր աշխատանքի շուրջ պիտի համախմբէ ո՛չ միայն այս շրջանի ամէ՛ն մէկ ՀՕՄական, այլ նաեւ ամէ՛ն մէկ յանձնառու Հայ անհատ եւ ներգրաւելով մանաւա՛նդ մեր ապագայի գրաւակա՛նը հանդիսացող Հայ երիտասա՛րդն ու երիտասարդուհի՛ն»:
Այնուհետեւ Ռեպեքա Պէրպէրեան շրջանի ՀՕՄի բարձրագոյն ժողովը բացուած յայտարարելով հրաւիրեց ժողովականները ընտրելու դիւանի կազմը: Շրջանի 23 մասնաճիւղերէն 69 լիազօր պատգամաւորներ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Նայիրի Տէրտէրեան, Մարալ Մաթոսեան եւ Ռիթա Հինդլեան, Շրջանային վարչութեան հիւր ընկերուհիներ Մակի Սարգունի, Քրիսթին Յովնանեան եւ Վիքի Մարաշլեան մասնակցեցան կարեւոր այս ժողովին: Ժողովին մասամբ մասնակցեցաւ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան: Ժողովին կողմէ ընտրուած Իրաւասութիւնները ճշդող յանձնախումբին կողմէ պատգամաւորներու լիազօրագիրներու ստուգումէն եւ վաւերացումէն ետք, ժողովի օրինականութիւնը հաստատուեցաւ: Ժողովի դիւանի ծանր պարտականութիւնը վստահուեցաւ ատենապետներ Խաթուն Բագրատունիի (հայերէնի) եւ Սոնա Ֆնտըքեանին (անգլերէնի), իսկ քարտուղարութիւնը՝ Մարալ Թուլումեանին եւ Կարինէ Պարիկեան-Սէթեանին (հայերէն), Ճիւտի Ճինկիրեանին եւ Արփիկ Նաճարեանին (անգլերէն):
Ժողովի Օրէնսգէտի պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ Սօսի Փօլատեանին, հսկիչի պատասխանատուութիւնը սիրայօժար ստանձնեցին խումբ մը կամաւոր ընկերուհիներ, իսկ ժողովի թղթակցութիւնը յանձնուեցաւ ՀՕՄի գրասենեակին:
Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի վաւերացումէն ետք, ժողովը ընտրեց հինգ հոգինոց Ընտրողական յանձնախումբ մը, որ իր հերթին առաջարկեց երեք հոգիներէ բաղկացած Բանաձեւի եւ Արխիւային յանձնախումբերը:
Ժողովը հետեւեալ ընկերուհիները հրաւիրեց խորհրդակցական ձայնով մասնակցելու ժողովի. Մարի Արապեան, Հայկուհի Սերոբեան, Անահիտ Մանուկեան-Պօղիկեան, Սոնա Չոփուրեան, Լիլիթ Բարսեղեան, Այրին Պուտաքեան, Սօսի Գապրիէլ եւ Մակի Եահեայեան:
Ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը իր երկամեայ, Ընկերային ծառայութեան եւ Հոգեբանական կեդրոնի տեղեկագրերը նախապէս ղրկած ըլլալով ընտրուած պատգամաւորներուն, ժողովականներուն առիթ տրուեցաւ իրենց լուսաբանական հարցումները հարցնելու: Նոյն օրը ժողովականներուն հրամցուեցաւ նաեւ նիւթական տեղեկագիրը:
Կեդրոնական վարչութեան երկամեայ ամփոփ տեղեկագիրը ընթերցեց Մարալ Մաթոսեան:
Շաբաթ, 15 Յուլիսի առաւօտեան առաջին օրակարգով Շրջանային վարչութիւնը սպառիչ կերպով պատասխանեց իրեն ուղղուած նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու մասին լուսաբանական հարցումներուն: Այնուհետեւ ժողովականներուն առիթ տրուեցաւ կատարելու նաեւ իրենց ըստ էութեան քննարկումները, որոնցմէ ետք կարդացուեցան Արխիւային եւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկոյցները, որոնցմէ ետք ժողովը գնահատեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը: Այնուհետեւ ժողովը անցաւ առաջարկներու իր օրակարգին:
Ներքին կազմակերպչական օրակարգի գլուխին տակ քննուեցան եւ շինիչ առաջարկներ որդեգրուեցան կրթական, քարոզչական, հանգանակային եւ անդամակցութեան մարզերէն ներս:
Գաղութային աշխատանքներու գծով թելադրուեցաւ առաւել հզօրացնել կապը շրջանի ուղեկից, հայկական, միացեալ, տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որպէսզի Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքները առաւել տարածուին եւ ծանօթացուին հանրութեան:
Ազգանուէր գործունէութեանց գծով ժողովը անհրաժեշտ գտաւ շարունակել օգտակար աշխատանքները Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ, բնականաբար չմոռնալով սուրիահայութեան օգտակար ըլլալու հրամայականը:
Կիրակի, 16 Յուլիսին, ժողովը լսեց Պատգամաւորական ժողովի անհատական առաջարկները: Բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ համադրուելէ ետք ժողովին ներկայացուեցան մասնաճիւղերէն եւ ժողովականներէն ներկայացուած առաջարկները, որոնք քննարկուեցան եւ կարեւորագոյնները իբրեւ բանաձեւ որդեգրուեցան ժողովին կողմէ. որոնք անկասկած պիտի ընդգրկուին նորընտիր Շրջանային վարչութեան մշակելի երկամեայ գործունէութեան ծրագիրին մէջ:
Ժողովը վաւերացուց նաեւ Շրջանային վարչութեան երկամեայ նախահաշիւը եւ ընտրեց հետեւեալ ինը հոգինոց Շրջանային վարչութեան կազմ մը, յառաջիկայ երկու տարիներու համար. Սիլվա Փօլատեան, Մարալ Թուլումեան, Արշօ Աւագեան, Անիթա Ալթունեան, Արմէնուհի Թովմասեան, Նէնսի Պետիրեան, Վարդուհի Պետրոսեան, Նորա Շիրիքեան եւ Անի Պոսթանեան:
Շրջանային վարչութեան փոխանդամներ ընտրուեցան Սեդա Դարբինեան, Լարա Գազանճեան, Արաքսի Այգանեան, Շուշան Թաշճեան եւ Ռոզին Պետոյեան:
Հաշուեքննիչ յանձնախումբի ընտրութենէն ետք, դիւանի զոյգ ատենապետներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց վստահուած պարտականութեան համար: Շնորհաւորական ելոյթ ունեցան նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մարալ Մաթոսեան, Ժողովի հրաւիրեալ կարգ մր հիւրեր եւ պատգամաւորներ:
Պատկառելի այս ժողովը վերջ գտաւ Կիրակի, 16 Յուլիս 2017ի երեկոյեան: