ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնի մարդամեքենաներու աշխատանոցի խումբը, որ Հայաստանը կը ներկայացնէր «FIRST Global» միջազգային երիտասարդական ողիմպիականներուն, կրցած է երրորդ հանդիսանալով՝ խլել պրոնզ մետալը։
Ողիմպիականները կը կայանային մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ եւ ԹՈՒՄՕի պատանիները իրենց դէմ ունէին 157 երկիրներէ խումբեր։ Հայկական խումբին 15-18 տարեական անդամներն էին՝ Լեւոն Պալակէօզեան (խմբապետ), Լիլիթ Թարումեան (բանբեր), Մարիա Տէր Մինասեան (բանբեր), Աշոտ Թարումեան, Տիգրան Սահակեան, Դաւիթ Յովհաննիսեան եւ Արամ Մատանցեան։ Անոնց պատասխանատուն էր ԹՈՒՄՕի մարդամեքենաներու աշխատանոցի պատասխանատու Հայկ Ոսկանեան։
Խումբը ներկայացուցած է մարդամեքենայ մը, որ ըստ մրցումի պայմաններուն« պատրաստուած է կազմակերպիչներուն կողմէ տրամադրուած մասերէն։ Զանոնք կիրարկելով՝ պատանիները նախագծած ու ծրագրաւորած են մարդամեքենայ մը, որուն գործունէութեան առանցքը կը կազմէ ջուրի աղտոտութիւնը մաքրելու գաղափարը։
Առաջին հանդիսացած է Եւրոպան ներկայացնող խումբը, իսկ երկրորդ՝ Լեհաստան։
Յատկանշական է, որ Հայաստանը նեկայացնող խումբը քաջալերողներուն շարքին եղած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները եւ անոնց պատասխանատուները։ Հայ Դատի նախաձեռնութեամբ, խումբին ադնմաները նաեւ Ուաշիկթընի տեսարժան վայրերը այցելած են եւ հանդիպումներ ունեցած քոնկրեսական Ճիմ Քոսթայի, ինչպէս նաեւ Համաստեղի անուան հայկական վարժարանի աշակերտներուն եւ ընտանիքներուն հետ։