Այսօր՝ 19 յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովի յատուկ նիստին 28 կողմ ձայնով Բակօ Սահակեանը ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ։ Ան պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2020։
Արցախի Ազգային ժողովի երեք՝ «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն» եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները առաջադրած էին գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը։