ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Սփութնիք» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի դրամատնային հաշիւները սառեցուած են։
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ արտայայտուելով՝ Նշանեան գրած է. «Դրամատնային հաշիւիս մէջ սեւ օրերու համար 12 հազար լիրա ունէի: Թուրքիոյ հանրապետութիւնը չգտաւ այլ բան, քան՝ ատիկա գրաւելը: Պետութիւն չէ՛, հրոսակախմբային աւազակախումբ է»:
Նշենք, որ շինծու ամբաստանութիւններով երկար տարիներ բանտարկուած մնալէ ետք թրքական բանտէ մը փախուստ տուած Նշանեանը այժմ ապաստանած է Յունաստան, որուն իշխանութիւնները վեց ամսուան համար ապաստանեալի իրաւունք շնորհած են Նշանեանին։