ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Յուզումով կը յիշեմ այն յետ-միջօրէն, երբ տարօրինակ ձայն մը ներսէս թելադրեց, թէ պէտք էր լուսանկարէի զիրենք իրենց տան մտերմութեան մէջ: Ես դիւրաւ չէ, որ կը մղուիմ այդ քայլը առնելու: Ոչ ալ Գուրգէնն ու Մարգրիտը՝ իրե՛նք դիւրաւ կ՛անսային այդ առաջարկին, եթէ չըլլար այդ ներշնչող պահը…
Այս լուսանկարը փրկուած վկան է այդ օրուան: Քանի մը ժամ, մենք խօսեր էինք մեր հաւաքական կեանքը յուզող ամէն խնդրի մասին եւ առաջին հերթին՝ Դաշնակցութեան նոր առաքելութեա՛ն՝ հետզհետէ իր ինքնավստահութիւնը կերտող մեր անկախ պետականութեան բերդէն ներս:
Ասատուրեաններու տունը այն տեղն էր Ուաշինկթընի մեր համայնքին համար, ուր կու գային ակմբուիլ բոլոր գործօն ուժերը Սփիւռքի այս վտիտ ածուին: Բոլոր պաշտօնական ժողովներէն ետք, ապաստանիլ տիկ. Նուարդի յարկին տակ, թէյի շուրջ, եւ վերստին բանալ կնճիռները մեր առօրեայ հարցերուն, բուժիչ ելք մըն էր, որ յաճախ կարելի կը դարձնէր անկարելին: Մենք դուրս կու գայինք նոր ներոյժով թարմացած: Գուրգէն եւ Մարգրիտ Ասատուրեաններու մայրը մայր էր բոլորին: Ան մեծ ոգեշնչողն էր, որ չէր գիտեր ընկրկիլ ու նահանջել: Ան կ՛ապրէր մեր բարդ ճակատագրի մեծ իրազեկութեամբ եւ իրաւունք չէր տար ոչ ոքի յոռետեսութեամբ վարակել գործի մեր առօրեան:
Տիկ. Նուարդ հպարտ զաւակն էր հերոսական Բաղէշի (Պիթլիս): Ան սակաւաթիւ այն որբերէն էր, որոնք Զօր. Անդրանիկի գունդին խիզախ գրոհումներով փրկուեցան Բաղէշի դժոխքէն եւ հասան Ալեքսանդրապոլ: Զօրավարը կարգադրած էր, որ իր զինակիցը՝ Սմբատ (յետագային՝ Զօր. Սմբատ) իր թամբին վրայ բերէր այս վտիտ որբուկը (ամէնէն փոքրը որբերուն) մինչեւ Գիւմրի, ուր ան յանձնուած էր տեղւոյն մեծ որբանոցի խնամատարութեան… Մնացեալը երկար ու դաժան պատմութիւն մըն է երկրէ երկիր:
Գուրգէն եւ Մարգրիտ հասակ առին այսպիսի տան մը մէջ այսպիսի մօր մը խնամքին տակ: Կեանքը ուզեց, որ անոնք չկարողանային ընտանիք կազմել եւ ծնունդ տալ սերունդներու: Հայ մշակոյթի մեծ հնոց մըն էր Ասատուրեաններու տունը Վիրճինիայի Մըքլէյն աւանին մէջ: Հայոց լեզուն կը պսպղար տիկ. Նուարդին եւ իր զաւակներուն շրթներուն վրայ: Մեծ բաւականութիւն է տեսնել, որ եղբայր եւ քոյր Ասատուրեաններու կտակը իր բոլոր շերտերով արդէն կը ծառայէ մեր երիտասարդութեան մեծ տեսլականին:
Տիկ. Նուարդն ու իր ազնուասիրտ ձեռնասունները այժմ կը հանգչին քով-քովի: Թող օտար հողը թեթեւ գայ իրենց վրայ եւ իրենց կեանքի օրինակը շարունակէ ներշնչել հայ ազգի սերունդները ամէնուրեք:
Ինչո՞ւ մահախօսական. սա ներբող է, ձօ՛ն՝ իրենց անթառամ յիշատակին։
Վրէժ-Արմէն