«Նիուզ»ը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ շարունակուող Սինքէֆիլտ Քափ» (Sinquefield Cup) ճատրակի գերմրցաշարքի 7րդ շրջանին, Հայաստանի հաւաքականի թիւ մէկը՝ Լեւոն Արոնեան, սեւ քարերով խաղաց ամերիկացի Հիքարու Նակամուրայի հետ եւ յաղթանակ տարաւ 54րդ քայլով։ Արոնեան իր յաղթանակը նուիրեց մօրը՝ անոր 70րդ տարեդարձին առիթով:
Ճատրակի հայ վարպետը ունի 4.5 միաւոր, եւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի ու հնդիկ Վիշուանաթան Անանտի հետ կը բաժնէ առաջին տեղը:
Նշենք, որ 6րդ շրջանին, Արոնեան նոյնպէս յաղթած էր. անոր մրցակիցը ամերիկացի Վեսլին Սօն էր: