ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան ներկայիս կը փորձէ կանխատեսումներ եւ վերլուծութիւններ կատարել՝ իմանալու համար, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրեն Ռուսիոյ նկատմամբ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցներուն հետեւանքով:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան Հինգշաբթի, 10 Օգոստոսին, այս հարցով զրոյց ունեցաւ լրագրողներու հետ:
Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու շեշտը դրուած ըլլալով անոր ուժանիւթի ոլորտին վրայ, նախարարը յայտնեց, որ այդ պատժամիջոցները նոր չեն եւ արդէն Հայաստանի տնտեսութիւնը յարմարած է անոնց:
Ըստ Կարայեանի՝ Հայաստան կը փորձէ համագործակցիլ այլ երկիրներու շուկաներու հետ:
«Մեր արտահանման կառուցուածքով, առաջին վեց ամիսների ընթացքում, եթէ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շուկաներում արտահանումն աճել է 25 տոկոսով, ապա արտահանումը դէպի ԵՄ շուկայ աճել է 20 տոկոսով», նշեց նախարար Կարայեան՝ աւելցնելով, որ աշխատանքներ կը տարուին արտահանման շուկաները բազմաճիւղ դարձնելու ուղղութեամբ: