ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ առաւօտ կանուխ, «Ասպարէզ» ժամանեց անծանօթ հայրենակից մը: Բաւական ճոխ դրամապանակ մը յանձնեց մեզի: Կլենտէյլ քոլեճի շրջափակը գտած էր այդ դրամապանակը, եւ նկատելով, որ հայ ուսանողի մը կը պատկանի՝ զայն բերած էր «Ասպարէզ», որպէսզի գտնենք տէրը:
Գտա՛նք, յանձնեցի՛նք:
Այսպիսի իրական դրուագներ կեանքին համ ու հոտ կու տան, կը վերականգնեն յոյս ու հաւատ՝ ընդհանրապէս մարդկութեան հանդէպ: Շնորհակա՛լ ենք Հէնրի Յակոբեան այս ազնիւ արարքիդ համար. ընդունէ՛ մեր եւ այդ երիտասարդ հայորդիին երախտագիտական ջերմ զգացումները:
Այս առթիւ, կ՛արժէ անդրադառնալ «Ասպարէզ»ի առաքելութեան հիմնական ուղղութիւններէն՝ մեր ազգային եւ մարդկային արժէքներուն հանդէպ հաւատարմութեա՛ն, անոնց քարոզչութեան գործին մէջ աներեր յանձնառութեա՛ն:
«Ասպարէզ»ի տարեդարձին առթիւ կենացները կը շարունակուին. այսպէս՝
Ռաֆֆի եւ Հիլտա Սանդիկեաններ՝ 250 տոլար
109 տոլար կը նուիրեն՝
Տոքթ. Գարմէն Օհանեան
Գեղամ եւ Լենա Տէքէրմէնճեան
Քրիս Քէօսեան
Ռաֆֆի Գարայեան
Աւօ Քէշիշեան
Վահէ եւ Նորա Եագուպեան
Գասպար Ճիվէլէկեան
Վաչէ Թովմասեան
Պետիկ Գազանճեան
Դանիէլ Թիւֆէնքճեան («Ասպարէզ»ի հիմնադիրներէն մէկն է Աւետիս Թիւֆէնքճեանը, եւ Դանիէլ կը հաւատայ, որ իր գերդաստանէն է»
Գրիշ Դաւթեան (մեր սիրելի բանաստեղծ աշխատակիցը)
ՀՅԴ Նորթ Հոլիվուտի «Բաբգէն Սիւնի» Կոմիտէ
ՀՕՄի Լա Քրեսենթայի «Թալին» Մասնաճիւղ
Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեան
Օհաննէս Բուլադեան
Հրանդ Իշխան Սիմոնեան
Զաւէն եւ Հալինա Պէրպէրեան
Արտեմիս Չորպաճեան
Կարօ եւ Սալբի Յակոբեան
Այրին Ովաննէսեան
Կը սպասենք ձեր արձագանգին: