Միջազգային Ներում (Amnesty International) կազմակերպութեան տպագիր պաշտօնաթերթը՝ «Էմնըսթի Փրէս»ը, յօդուած մը հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ:
«Էմնըսթի Փրէս»ի թղթակից Իզապելլա Ռոզենկրին այցելած է Արցախ եւ ուսումնասիրութիւն կատարած տեղւոյն բնակիչներուն եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
«Ճանապարհը լեցուն է անցքերով, իսկ մէկ կողմը երեք մեթր բարձրութեամբ պատ է: Ատիկա կատարուած է մեզ՝ ինքնաշարժին մէջ գտնուողներս, կրակոցներէ կամ հրթիռակոծութենէ պաշտպանելու համար: Ատրպէյճանը պատին միւս կողմն է», կը պատմէ հեղինակը:
Լրագրողը կը նշէ, որ թէեւ 1994ին կնքուած է հրադադարի պայմանագիր, սակայն, ատկէ ետք ալ կրակոցները չեն դադրած, իսկ 2016ի Ապրիլին, Ատրպէյճանը ռմբակոծեց խիտ բնակեցուած Մարտակերտի շրջանը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան 1994էն ետք ամենաարիւնալի մարտերը:
«Ես ցնցուած էի. բառերով չեմ կրնար նկարագրել այն, ինչը զգացի: Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ինչ կը նշանակէ լքել տունդ, մեծ հայրերուդ երկիրը: Յարձակումէն ետք ես սկսայ լալու: Տղամարդուն վայել չէ նման կերպ պահել ինքզինք, սակայն, ես չափազանց վշտացած էի», Ռոզենկրինին պատմած է Վիլեմ Պետրոսեան՝ Թալիշի գիւղապետը: Նոյն այդ գիւղն էր, որ ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական կողմի ռմբակոծման 2 Ապրիլ 2016ի գիշերը:
«Էմնըսթի Փրէս»ի թղթակիցը կը պատմէ, որ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով դատարկուած Թալիշի մէջ այժմ աշխատանքներ կ՛իրականացուին տուներու եւ ենթակառուցուածքներու վերականգնման ուղղութեամբ: Ան կ՛ընդգծէ, որ թէեւ տեղւոյն բնակիչները մեծ ցնցում ապրած են ապրիլեան դէպքերէն ետք, սակայն անոնք այսօր կը փորձեն վերադառնալ բնականոն կեանքի:
«Պատերազմի հերոս Մոնթէ Մելքոնեան ըսած է, որ եթէ մենք կորսնցնենք Արցախը, մենք կը դարձնենք մեր պատմութեան վերջին էջը: Ես կ՛ըսեմ նոյնը Թալիշի համար: Գիւղի նախկին բնակիչները ամէն օր կու գան տեսնելու, թէ ինչ կատարուած է իրենց տուներուն ու դաշտերուն հետ: Ես կը հասկնամ, որ հոգեբանական արգելք կայ, սակայն կը կարծեմ, որ ժամանակը պիտի բուժէ բոլոր վէրքերը եւ գրեթէ բոլորը պիտի վերադառնան», ըսած է Թալիշի մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Ապրեսեան, որ կը հետեւի գիւղին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:
Լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան նշած է, որ ոչ ոք կ՛ուզէ պատերազմ եւ կորուստներ: «Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ խաղաղութեան գործընթացին վրայ: Ատրպէյճանական կողմը չ՛ուզեր աւելցնել սահմանին դիտորդներու թիւը, անոնք ակնյայտօրէն ցոյց կու տան, որ կ՛ուզեն շարունակել պատերազմը: Վերջին ամիսներուն անոնք շատ բուռն եղած են՝ շիկացնելով մթնոլորտը: Պատերազմը չէ սկսած երէկ ու պիտի չվերջանայ վաղը. այստեղի բնակիչները այդ մէկը շատ լաւ կը հասկնան», ըսած է Աբրահամեան: