– Ռուսիա Սեպտեմբեր 1ին խոստացաւ «խստօրէն հակադարձել» Սան Ֆրանսիսքոյի ռուսական հիւպատոսարանը փակելու մասին Ուաշինկթընի նախօրէին տուած որոշումին, որ ըստ ամերիկացիներուն՝ հակադարձութիւն մըն էր Ռուսիոյ մէջ ամերիկացի դիւանագէտներուն թիւը կրճատելու շուրջ Մոսկուայի որոշումին։
– Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Օգոստոս 31ին յայտարարեց հիւսիսային Թել Աֆար քաղաքի՝ «Իսլամական պետութենէն» ամբողջական ազատագրումը։
– Օգոստոս 31ին, Պինկէօլ եւ Շըրնաք նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած երկու զինեալ ընդհարումներու իբրեւ հետեւանք սպաննուած են երկու թուրք գիւղական պահակներ, որոնք բանակին հետ կը համագործակցէին։ Յարձակումներու պատասխանատուն կը նկատուի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը։