ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ապաստան խնդրած են Գերմանիայէն. այս մասին կը հաղորդեն գերմանական թերթերը։
Դիմումներուն մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած, նկատի առնելով անձնական տուեալներու պաշտպանութեան գծով պետութեան պարտաւորութիւնը:
Կը նշուի, որ 2016ի ռազմական յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք, Գերմանիայէն ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած են Թուրքիոյ աւելի քան 6700 քաղաքացիներ, ներառեալ՝ դիւանագէտներ՝ իրենց ընտանիքներով: