ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբերին ստորագրեց շարք մը հրամանագիրներ: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը փոխանցէ, թէ նախագահի հրամանագիրով սահմանուած է կառավարութեան հետեւեալ կառուցուածքը.
– Պետական նախարար
– Առողջապահութեան նախարարութիւն
– Արդարադատութեան նախարարութիւն
– Արտաքին գործոց նախարարութիւն
– Աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարարութիւն
– Բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւն
– Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն
– Տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն
– Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն
– Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն
– Պաշտպանութեան նախարարութիւն
– Քաղաքաշինութեան նախարարութիւն
– Ելեւմուտքի նախարարութիւն:
Սահմանուած են նաեւ պետական կառավարման այլ մարմիններ.
– Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն
– Ոստիկանութիւն
և Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւն:
Նախագահի հրամանագիրով նշանակուած են.
և Պետական նախարար՝ Արայիկ Յարութիւնեան
– Առողջապահութեան նախարար՝ Կարինէ Աթայեան
– Արդարադատութեան նախարար՝ Արարատ Դանիէլեան
– Արտաքին գործոց նախարար՝ Մասիս Մայիլեան
– Աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարար՝ Սամուէլ Աւանեսեան
– Բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարար՝ Վազգէն Միքայէլեան
– Գիւղատնտեսութեան նախարար՝ Ժիրայր Միրզոյան
– Տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Լեւոն Գրիգորեան
– Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար՝ Նարինէ Աղաբալեան
– Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Սերկէյ Շահվերդեան
– Պաշտպանութեան նախարար՝ Լեւոն Մնացականեան
– Քաղաքաշինութեան նախարար՝ Կարէն Շահրամանեան
– Ելեւմուտքի նախարար՝ Գրիգորի Մարտիրոսեան:
Ըստ նախագահի հրամանագիրներուն՝ սահմանուած են այն նախարարներու կազմը, որոնց գործունէութիւնը պիտի համակարգուի պետական նախարարին կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ պետական սեփականութեան եւ ելեւմուտքի կառավարման ոլորտին մէջ նախագահին կողմէ պետական նախարարին վերապահուած լիազօրութիւններու շրջանակը: