
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, ակառակորդին արձակած կրակոցին իբրեւ հետեւանք կրծքավանդակէն վիրաւորուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Չափլին Արմէնի Մարգարեանը, որ անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, ուր նոյն երեկոյեան մահացած է:
Արմաւիր գիւղի գիւղապետարանէն կը տեղեկացնեն, որ Չափլինի նահատակութեան մասին իմացած են Երեքշաբթի երեկոյեան: Չափլին 8 ամիս առաջ զօրակոչուած էր բանակ: Ան Արմաւիրի բնակիչ էր, գիւղին մէջ կը բնակէր երկու եղբայրներուն, հօր, մեծ մօր եւ մեծ հօր հետ: Մայրը կ՛ապրի եւրոպական երկրի մը մէջ: «Զոհուած զինծառայողը մարզիկ էր, գիւղում յարգուած, սովորող, բոլորին հասնող տղայ էր», յայտնած են գիւղապետարանէն: