ՊՈԼԻՍ, «Էն.Թի.Վի.».- Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Կարաւան 1915» ֆիլմը Հոկտեմբեր 11ին ետ քաշուեցաւ Թուրքիոյ շարժապատկերի սրահներէն։
Ֆիլմին բեմադրիչը՝ Իսմայիլ Կիւնեշ, նշած է, որ ֆիլմին ցուցադրութեան հարցով լուրջ ընդդիմութեան կը հանդիպի՝ աւելցնելով, որ տարբեր խնդիրներ դիմագրաւած է նաեւ ֆիլմին պատրաստութեան ընթացքին:
Կիւնեշ ըսած է, որ ֆիլմը 54 սրահներու մէջ ցուցադրելու համար նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր, ապա դժուարութեամբ կարելի եղած էր այդ թիւը հասցնել 84ի, հակառակ անոր որ ջանք տարուած էր ֆիլմը ցուցադրելու առնուազն 300 սրահներու մէջ։
Ըստ բեմադրիչին՝ բուն խնդիրը թրքական հասարակութեան մէջ Հայկական Հարցին մասին բացարձակ անտեղեակութիւնն է:
Միաժամանակ, թրքական «ga-zeteduvar.com.tr» կայքին վրայ հրատարակուած է յօդուած մը, որուն հեղինակը՝ Ազիզ Եաղան, կը նշէ, թէ այս ֆիլմը ցոյց կու տայ այդ ամէն ինչը, զոր թուրքերը երկար տարիներով կը փափաքին փոխանցել աշխարհին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ան կը գրէ, թէ ֆիլմին մէջ ցուցադրուած են լաւ հագած եւ ապահով պայմաններու մէջ՝ դէպի Հալէպ քալող հայեր, որոնք օսմանցի պաշտօնեաներու հսկողութեան տակ են, բայց ապահովուած չեն ուտելիքով ու ջուրով:
«Ֆիլմը կը պնդէ, թէ այդ ամէն ինչը, որ հայերուն հետ տեղի ունեցաւ ճամբուն վրայ, տեղահանման որոշումը միամտաբար ստորագրած մարդկանց մեղքը չէ՛ր», կը գրէ Եաղան՝ աւելցնելով, որ ֆիլմէն նաեւ կարելի է եզրակացնել, թէ պետութիւնը այդ ժամանակ ի վիճակի չէր պաշտպանելու հայերը՝ գաղթի ճամբուն վրայ պատահած աւազակային յարձակումներէն, «թէեւ՝ այդ մէկը ընելու մեծ ցանկութիւն ունէր»:
Ըստ յօդուածագիրին՝ բուն խոչընդոտողը պատերազմական պայմաննե՛րն էին, որոնց պատճառով նման աւազակներու յարձակումին թիրախ դարձած էին բոլորը, նոյնի՛սկ պետական կառոյցները: «Ֆիլմին մէջ ցոյց տրուած են տեղահանութեան օրերուն կորսուած հայ կանանց կերպարներ, որոնք, ոչ թէ առեւանգուած են, այլ իրենց յօժար կամքով ապաստանած են իսլամ տղամարդկանց մօտ», եզրակացուցած է ան: