ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բոլորս ալ թեթեւնալու, մեր առօրեայ մտահոգութիւնները թօթափելու կարիքը ունինք: Վահէ Պէրպէրեանը անգամ մը եւս այդ հնարաւորութիւնը կ՛ընծայէ մեզի՝ իր «Ուրեմն» խորագրեալ մենախօսութեամբ:
Վահէի ժողովրդականութիւնը ուրիշ երեւոյթ մըն է, որուն կ՛արժէ առանձին անդրադառնալ: Ան ունի հաւատարիմ, մի՛շտ իր կողքին կանգնելու պատրաստակամ համակիրներու բանակ մը, որ կու գայ տարբեր ծննդավայրերէ այստեղ հասած թէ տեղածին, ինչպէս եւ տարբեր տարիքի շրջանակներէ:
Նախորդ իր մենախօսութիւններուն նման, Վահէն, գնահատելով իր ելոյթին հանդէպ ցուցաբերուած բուռն հետաքրքրութիւնը՝ կ՛ունենայ յաւելեալ ելոյթներ, որոնց առաջինները՝ դարձեա՛լ լեցուն սրահի մէջ:
Լիաթոք խնդալու պահերը շատ էին: Լոս Անճելըսի համայնքին իւրայատուկ բազմաշերտ նկարագիրին հանդէպ յատուկ զգայնութիւն ունեցող Վահէն, բոլորիս կենցաղը ներգրաւած է իր սուր կատակախօսութեան մէջ:
Նաեւ, իր այս ելոյթին մէջ, Վահէն յանդգնօրէն մտած է որոշ դաշտեր, որոնք արգիլուած տարածքներ եղած են միշտ, մեր հոգեւոր ու բարոյական՝ աւանդական դաստիարակութեան ստեղծած կաշկանդումներուն շնորհիւ: Սրահին մէջ անհանգստութեան նշաններ չկային. ներկաները կարծես թաքուն մեղսակցած էին Վահէին ու որոշած՝ գոնէ այդ պահուն, ձերբազատուիլ ներքին սանձումներէ:
Կատակախօսութեան այս գիծը կարծես նաեւ Վահէի բողո՛քն էր՝ ընդդէմ կրօնական մոլեռանդութեան, որուն պատճառած աւերներուն վիշտն ու ցաւը մեր կեանքին մաս սկսած են կազմելու, դժբախտաբար:
Ժողովրդական ասացուածքներու շարքին, Վահէն մէջբերած էր «Խնդալուն վերջը լաւ չէ՛» «զգուշացում»ը: Կը վստահեցնենք ձեզի, որ Վահէն ձեզի պիտի խնդացնէ եւ վերջն ալ՝ լա՛ւ պիտի ըլլայ:
Հոյակապ տեղեկագրութիւն։ Շնորհակալութիւն, Աբօ։