ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ
Հայաստան Չինաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է, այդ իսկ պատճառով չինական կողմը Հայաստանի հետ կը պահպանէ աշխոյժ արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական կապեր: Այս մասին Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ կազմակերպուած ասուլիսի մը ընթացքին, «Արմէնփրէս»ի թղթակիցի հարցումին պատասխանելով ըսաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Լիու Պին:
«Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յաջորդած 25 տարիներուն ընթացքին, մեր յարաբերութիւնները արդէն հասած են շատ բարձր մակարդակի: Յառաջիկային ալ չինական կողմը պատրաստ է տարբեր մակարդակներու վրայ պահպանելու սերտ կապերը հայկական կողմին հետ: Մասնաւորապէս՝ զօրացնել հայկական կողմին հետ փոխգործակցութիւնը քաղաքական ասպարէզին մէջ, միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ տնտեսական ոլորտին մէջ», ըսաւ Լիու Պին: Ան յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալին եւ մակարդակին աւելնալուն:
«Դժբախտաբար, ես չեմ եղած Հայաստան, սակայն, ընկերներէս մէկը, որ այցելած էր Հայաստան, այնտեղէն քոնեաք բերած էր: Փորձեցի եւ շատ հաւնեցայ: Հայաստանը, անշուշտ, ունի սեփական արտադրած մթերքները, որոնք կրնան արտածուիլ: Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է զօրացնել երկկողմ փոխըմբռնումը եւ իրականացնել աւելի մեծ համագործակցութիւն», ընդգծեց Լիու Պին: