Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» ֆիլմը 25էն 28 Հոկտեմբերին, Ֆինլանտայի մէջ կայացող Սկանտինաւեան երկիրներու միջազգային շարժապատկերի փառատօնին (Scandinavian International Film Festival) յաղթող ճանչցուած է նոյն ժամանակ երկու անուանակարգերու՝ «Լա-ւագոյն խաղարկային ֆիլմ», որ պիտի շնորհուի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին եւ «Լաւագոյն դերասան», որուն համար մրցանակ պիտի ստանայ գլխաւոր դերակատար Ալեքսնադր Խաչատրեան: Այս մասին Wnews.am-ին տեղեկացուցած է բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան՝ յայտնելով, որ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի նաեւ փառատօնի փակման ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 Հոկտեմբերին: Մրցանակը ստանալու նպատակով բեմադրիչն ու դերասանը պիտի մեկնին Ֆինլանտա:
Նշենք, որ բեմադրիչին առաջին՝ «Թեւանիկ» ֆիլմը արժանացած է շուրջ քսան մրցանակի: