Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ հին դպրոցի տեղը շուտով բազմաբնակարան 2 շէնք պիտի կառուցուի: Նախագիծը մշակուած եւ արժանացած պատուիրատուի հաւանութեան:
Կարմիր Շուկան Արցախի ամէ-նէն ու արագ զարգացող համայնքներէն է: Վերջերս այստեղ կառուցուեցան եւ շահագործման յանձնուեցան համայնքային կեդրոնին կից մշակութային ակումբ եւ երկյարկանի դպրոց՝ Կ. Շուկայի եւ հարեւան Թաղավարդ համայնքներու երեխաներուն համար:
Երրորդ մեծ ծրագիրը համայնքին մէջ բազմաբնակարան շէնքերու կառուցումն է, որ կեանքի կը կոչուի Արցախի ներդրումային հիմնադրամին միջոցներով:
Այժմ շինարարութեան առաջին փուլը ընթացքի մէջ է: Կը կատարուին հին դպրոցի քանդման, տարածքի հարթեցման աշխատանքները, որոնցմէ ետք կապալառու «Ռաֆօ» ընկերութիւնը պիտի սկսի հիմքի կառուցման:
Նախագիծով նախատեսուած է կառուցել 5 յարկանի երկու շէնքեր, որոնցմէ 4 յարկը բնակելի, առաջինը նկուղային, ընդհանուրը՝ 3 եւ 4 սենեականոց 32 բնակարաններ: Թաղամասը պիտի ունենայ կահաւորուած ու լուսաւոր բակ, խաղահրապարակ, զբօսայգի, կանաչ գօտի եւ կայանատեղի: