ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն մերժած է այցագիրներու ճգնաժամի հանգուցալուծման նպատակով միացեալ յանձնաժողով մը ստեղծելու Անգարայի առաջարկը:
Նաեւ, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատու Ճանըթըն Քոհընի ղեկավարած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 17ին պիտի մեկնի Թուրքիա, քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը։
Թրքական կողմը փափաք յայտնած էր, որ այդ այցելութեան ծիրէն ներս քննարկուի նաեւ այցագիրներու տագնապը, սակայն Ուաշինկթըն այդ առաջարկը եւս մերժած է՝ նախընտրելով կեդրոնանալ Սուրիոյ հարցերուն վրայ։