ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը անցեալ շաբաթ վաւերացուց Ատրպէյճանը դատապարտող երկու բանաձեւեր։ Անոնցմէ մէկը «Ատրպէյճանէն ներս ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութիւնը» բանաձեւն էր, որուն ի նպաստ քուէարկած են նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխաններ ¤Տենիզ Պայքալ, Կիւլսիւն Պիլկիհան եւ Իլհան Քեսիճի)։
Թուրքիոյ իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան Նեճտեթ Ունուվար դատապարտեց այս քայլը եւ պատահածը «մտահոգիչ երեւոյթ» նկատեց։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիա ու Ատրպէյճան միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ կը համագործակցին իրարու հետ եւ հիանալի յարաբերութիւններ ունին։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այս քայլը վնաս պիտի չհասցնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն՝ անգամ մը եւս կրկնելով «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» արտայայտութիւնը։