ԵՐԵՒԱՆ.- «Մեդիամաքս»ը կը տեղեկացնէ, թէ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի նախաձեռնութեամբ՝ 16 Հոկտեմբերին, Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբի համերգը։
Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ՝ երգչախումբը կատարեց Կոմիտասի, Եկմալեանի, Մոցարթի, Վերտիի եւ Չայկովսքիի ստեղծագործութիւններէն:
«Տաթեւը զարմանահրաշ կառոյց է: Բազմաթիւ մասնաւոր այցով եղած եմ Տաթեւ, բայց այս անգամ, յուրախութիւն ինծի, այստեղ ելոյթ ունեցանք մեր երգչախումբով: 1111ամեայ իր բարձունքէն մեզի նայող Տաթեւի վանքը ջերմութեամբ հիւրընկալեց մեզ: Խորհրդանշական է, որ 16 Հոկտեմբերին կը լրանայ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի գործարկման եօթներորդ տարեդարձը», ըսաւ Յովհաննէս Չէքիճեան:
Երգչախումբի համերգը մէկն է այն ձեռնարկներէն, որոնք ուղղուած են Տաթեւի մէջ հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի վերածնունդին: Համերգին ներկայ էին Տաթեւի վանքի յարակից համայնքներու բնակիչները, բազմաթիւ հիւրեր ու զբօսաշրջիկներ Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
«Եթէ պատմութեան էջերը ուսումնասիրենք՝ կը տեսնենք, որ 1111 տարեկան Տաթեւի վանքը եղած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան դարբնոցը: Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբի համերգը Տաթեւի վանքի բակին մէջ հայ հոգեւոր երաժշտութեան դարաւոր աւանդոյթներու պահպանման ու շարունակութեան լաւագոյն օրինակն է», յայտնեց Տաթեւի վանքի վանահայր Միքայէլ վրդ. Գէորգեան:
«Երգչախումբի համերգը ինքնատիպ փորձ մըն էր նոյն տարածութեան մէջ՝ նեկայացնելու մեր մշակոյթի անցեալն ու ներկան, կազմակերպել Տաթեւի վանքի բակին մէջ մայէսթրօ Չէքիճեանի ղեկավարած երգչախումբի համերգը: Թէ՛ Տաթեւը, թէ՛ երգչախումբը հոգեւոր եւ մշակութային բացառիկ արժէքներ են՝ ոչ միայն հայերու համար: Այս ձայները հնչած են աշխարհի լաւագոյն բեմերէն, իսկ Տաթեւը եւ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը կրցած են համախմբել տարբեր ազգութիւններու ու դաւանանքի մարդիկը: Ի վերջոյ, այս «հանդիպումը» վաղ թէ ուշ պէտք է կայանար: Այս համերգը լաւ առիթ էր, որ վանքի յարակից համայնքներու բնակիչներն ու հիւրերը հաղորդակցին մայէսթրօ Չէքիճեանի եւ անոր ղեկավարած երգչախումբի արուեստին հետ», ըսաւ IDeA հիմնադրամի մշակութային ծրագիրներու ղեկավար Էլէոնորա Մալխասեան: