ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավար Քարլես Փուխտեմոն յայտարարած է, որ Քաթալոնիոյ վրայ իշխանութիւն պարտադրելու եւ տեղական կառավարական մարմինները պաշտօնազրկելու մասին Մատրիտի որոշումները յարձակում մըն են ժողովրդավարութեան վրայ՝ ազդարարելով, որ Սպանիոյ իշխանութիւններուն քայլերը կրնան բացասական նախադէպ ստեղծել նաեւ այլ երկիրներու համար:
«Քաթալոնիոյ մէջ կատարուողը ուղղակի յարձակում է ժողովրդավարութեան վրայ: Սպանիոյ իշխանութիւնները չեն կրնար արհամարհել այն փաստը, որ Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը կազմուած է շատ աւելի առաջ, քան՝ ժամանակակից սպանական սահմանադրութիւնը», ըսած է Քաթալոնիոյ ղեկավարը: Փուխտեմոն նաեւ աւելցուցած է, որ ջանք կը տարուի հարցին խաղաղ լուծումի ուղիներ գտնելու համար:
Յիշեցնենք, որ Պարսելոնայի բնակիչները «կաթսաներով ցոյց» կազմակերպած են՝ Քաթալոնիոյ դէմ միջոցառումներու ձեռնարկման մասին Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի յայտարարութենէն ետք: Ան ըսած էր, թէ Մատրիտ կը կասեցնէ Քաթալոնիոյ ինքնավար կառավարութեան լիազօրութիւնները: Սպանիոյ կառավարութիւնը որոշած էր գործարկել երկրի սահմանադրութեան 155րդ յօդուածը, որ կ՛արտօնէ սահմանափակել Քաթալոնիոյ ինքնակառավարումը:
Վարչապետ Ռախոյի համաձայն՝ տեղական կառավարութիւնը պիտի լուծուի, որովհետեւ՝ «դուրս եկած է օրէնքի սահմաններէն»: