ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7ին, աւելի քան 300 համակիրներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին ի նպաստ 12րդ դրամահաւաք-քայլարշաւին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի մէջ:
Քայլարշաւի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին առջեւ, ուր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ տոքթ. Քրիսթինա Աշճեան՝ անդրադառնալով վերջին 18 տարիներուն կազմակերպութեան նուաճած իրագործումներուն, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպութեան նեցուկ կանգնողներուն եւ կամաւորներուն, յատկապէս՝ այս տարուան քայլարշաւը հովանաւորողներուն։
Տոքթ. Քրիսթինա Աշճեան ողջունեց նաեւ ներկայութիւնը՝ Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի ներկայացուցիչ եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի ներկայացուցիչ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի, Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանի, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ դոկտ. Արմինա Կարապետեանի եւ «Լապորեթըրնի» հիմնարկի փոխնախագահ Արեգ Պոյամեանի։
Հոգեւոր հովիւներ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանի եւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ կազմակերպութեան հիմնադիր տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն՝ դրուատելով վերջին 12 տարիներուն կազմակերպուող քայլարշաւներուն նեցուկ կանգնողները եւ շեշտելով, որ այս ձեռնարկները ցոյց կու տան կազմակերպութեան վայելած ժողովրդականութիւնը, դարձեա՛լ կոչ ընելով բոլորին, որ ոսկրածուծ նուիրելով կամ նիւթական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնին կեանքեր փրկող այս կազմակերպութեան ջանքերուն։ Ան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեանց նեցուկ կանգնողներուն՝ անուանելով յատկապէս Արեւմտեան թեմերու առաջնորդարանները, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանը, Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։
Ապա զօրակցական ելոյթներ ունեցան Արեգ Պոյամեան, Էնթընի Փորթանթինօ եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան։
Նշենք, որ այս տարուան քայլարշաւին մեծագոյն խմբակը եղած է «Փրովիտընս» վարժարանի խումբը, իսկ ամենաշատ գումարը հաւաքած խումբը եղած է Արփինէ Զօհրապեանի կազմածը:
Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.abmdr.am կայքը, կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին։