ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Հոկտեմբեր 22ին աւարտած Կլենտէյլի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին, վաւերագրական լաւագոյն ֆիլմը ընտրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Անապատի Ագռաւներ» («Crows of the Desert») ֆիլմը, որուն բեմադրիչն է Մարթա Հուսքէ:
Ֆիլմը հիմնուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Լեւոն Եօթնաղբարեանի յուշերուն վրայ, որոնք հատորի մը վերածուած էին Եօթնաղբարեանի թոռան՝ Լեւոն Բարեանի խմբագրութեամբ։