ԱԽԱԼՑԽԱ, «Ախալցխա.նեթ».- Հոկտեմբեր 25ի կէսօրին, Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Համշէնի Խոպա քաղաքին մէջ ձերբակալած է ընկերային ցանցերու վրայ աշխոյժ գրառումներ կատարող համշէնահայ Ճեմիլ Աքսուն, որ քանի մը օր առաջ նոյն քաղաքին մէջ ձերբակալուած համշէնահայ լրագրող Նուրճան Վայիչի ամուսինն է:
Երկու ձերբակալեալներն ալ ընդդիմադիր հայեացքներով գրողներ են, որոնք յաճախ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող եւ երկրին մէջ ազգայնամոլ դրսեւորումները դատապարտող գրառումներ կը կատարեն: