ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» մասնաշէնքին մէջ. 24 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26ամեակին եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին նուիրուած ընդունելութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Քոնկրեսի Հայկական հարցերու յանձնախումբին կողմէ՝ Ամերիկայի հայկական համագումարին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին համագործակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին 40 քոնկրեսականներ, Քոնկրեսի աշխատակազմի անդամներ, օտարերկրեայ պետութիւններու դեսպաններ, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ու արեւելեան ափերու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերու փոխտեղակալ Պրիճիթ Պրինք, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նորանշանակ համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր, Առեւտուրի բաժանմունքի Եւրոպայի հարցերու փոխտեղակալ Տէյլ Թաշարսքի եւՔենզըսի ազգային շրջանի պահակախումբի հրամանատար, զօրավար Լի Թաֆանելի:
Իր խօսքին մէջ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու կարեւորագոյն ուղղութիւններուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Քոնկրեսի Հայկական յանձնախումբին երկկողմ համագործակցութեան ոլորտին մէջ ներդրած զգալի աւանդին համար: Ընդունելութեան հանդէս եկան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերու փոխտեղակալ Պրիճիթ Պրինք, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Էտ Ռոյս, Թուլսի Կեպըրտ, Ճեքի Սփիըր, Ֆրանք Փըլոն ու Պրետ Շըրմըն:
Երեկոյին ընթացքին, «Հայաստանի նոր անուններ» փառատօնի դափնեկիր պատանի երաժիշտներուն կատարումով ներկայացուեցան հայկական ժողովրդական ու դասական ստեղծագործութիւններ: