ԵՐԵՒԱՆ.- «Ընտանեկան բռնութիւններու կանխարգիլման եւ ընտանեկան բռնութիւններու զոհերու պաշտպանութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծին մէջ փոփոխութիւններու կարիք կայ: Այս մասին «Առաջին լրատուական»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Անոր համաձայն, կայ որոշ ձեւակերպումներու յստակեցման խնդիր:
«Այդ քննարկումները ընթացքի մէջ են, մենք ալ մեր առաջարկները պիտի ներկայացնենք, բայց ընդհանուր առմամբ տրամաբանութիւնը, որ կայ այս օրէնքին առնչութեամբ, շատ ծայրայեղական մօտեցում ունի», ըսաւ ան:
Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, խօսքը բռնութեան մասին է, եւ եթէ դէպք ալ գոյութիւն ունի, ուր միջամտելու կարիք կայ՝ ի շահ ընտանիքին կատարուի, ոչ թէ ընտանիքին դէմ:
«Պէտք է գտնել ճիշդ լուծումները, այսինքն՝ պէտք չէ պատճէնահանել այն, ինչ կարգ մը երկիրներու մէջ կայ, եւ բերել այստեղ, պէտք է որոշակի փոփոխութիւններ անպայման կատարել», աւելցուց ան: