ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, «Պի.Պի.Սի.».- Հարիւր հազարաւոր սպանացիներ Պարսելոնայի մէջ ցոյց կատարեցին Հոկտեմբեր 29ին, Քաթալոնիան Սպանիայէն անջատելուն դէմ: Մինչ ցոյցի կազմակերպիչներն ու Մատրիտը յայտնեցին, որ մասնակիցներուն թիւը աւելի քան մէկ միլիոն է, քաթալոնական ոստիկանութիւնը նշեց, թէ այդ թիւը մօտաւորապէս 300,000 էր:
Ցուցարարները սպանական դրօշակներ բարձրացուցին եւ «Կեցցէ՛ Սպանիան» կարգախօսը գոչեցին:
Քաթալոնիոյ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը յայտնեց, թէ այդ շրջանի «լուռ մեծամասնութիւնը» այս արարքով իր ձայնը լսելի դարձուց:
Ցոյցի ընթացքին կարգ մը ծայրայեղ ազգայնամոլներ նաեւ «Կեցցէ՛ Ֆրանքօն» պոռացին՝ ակնարկելով Քաթալոնիան տասնամեակներով ճնշած սպանացի բռնատէրին։