ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch) իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի բաժինի տնօրէն Կիորկի Կոկիա, անդրադառնալով Եւրոխորհուրդի նախարարներու խորհուրդին կողմէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի վճիռը անտեսելու գծով Ատրպէյճանը պատժելու զգուշացումին՝ նշած է, որ հակառակ Պաքուի սպառնալիքներուն, Եւրոպա պէտք է միացեալ ճակատ կազմէ եւ ազդու կերպով հակադարձէ, որպէսզի՝ «վերջ դրուի Ատրպէյճանի արհամարհական կեցուածքին եւ արդարութեան հետ ծաղրանքով վերաբերումին»: Պաքուին մինչեւ Նոյեմբեր 29 պայմանաժամ տրուած է գործադրելու համար այլախոհ լրագրող Իլկար Մամետովը ազատ արձակելու վերաբերեալ եւրոպական ատեանին վճիռը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.