Թուրքիոյ նախկին հայաշատ Այնթապ քաղաքի հայկական թաղամասի ոչնչացման վերաբերեալ նիւթ մը հրապարակած է թրքական GazeteKarinca կայքը. այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ»ը:
Թրքական կայքը կը շեշտէ, թէ Այնթապի մէջ, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, հայերու պատկանող եւ պատմական արժէք ներկայացնող շարք մը շինութիւններ վերածուած են մզկիթներու կամ սրճարաններու: Արդարեւ, հայերու մասին ամենակարեւոր հետքը կրող Այնթապի Էպլեհան թաղամասի բարձրադիր վայրին մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, 2010ին վերանորոգման պատրուակով վերածուեցաւ «Փրկութեան մզկիթ»ին: Աւելի՛ն, եկեղեցիին մէջ գտնուած եւ քրիստոնէութեան մասին վկայող որմանկարները ջնջուեցան:
Կայքը ապա նշած է, որ Այնթապի մէջ կան նաեւ հայերու պատկանած՝ այգիներով ու քանի մը յարկէ բաղկացած տուներ, որոնց մեծ մասը այժմ վերածուած է սրճարաններու, կամ՝ իբրեւ խանութ-հիւրանոց կը ծառայէ տեղացի ու արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու: