Եօթը ամիս ատրպէյճանական բանտին մէջ մնացած ռուս պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին իր LiveJournal-ին մէջ կը գրէ, որ ատրպէյճանցիները՝ վրդովուած ըլլալով, թէ Ռուսիա կը պաշտպանէր իր իրաւունքները բանտարկութեան ընթացքին, իրենց ատրպէյճանալեզու կայքերուն վրայ սկսած են վարկաբեկելու առաջին դէմքերը: Պլոկըրը աւելցուցած է, որ իր ատրպէյճանցի ընկերները նման յօդուածներու յղումներ տրամադրած են իրեն։ Լափշին կը տեղեկացնէ, որ նախ ցեխ կ՛արձակէին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Մարիա Զախարովային, իսկ այժմ հասած են նախարար Սերկէյ Լաւրովին՝ զայն բառացիօրէն անուանելով՝ «Ռուսիոյ հայ արտաքին գործոց նախարար», եւ այդ մէկը կ՛ընեն նոյնպէս պաշտօնական լրատուամիջոցները, օրինակ՝ Turan News-ը:
«Յօդուածին մէջ յատուկ կերպով կը շեշտուի Լաւրովի ազգութիւնը. Ատրպէյճանի վերաբերմունքը հայերուն հանդէպ վաղուց յայտնի է: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ ան, որ առնչութիւն ունի հայ ժողովուրդին հետ, արդէն իսկ յանցագործ է: Եւ ատիկա տեղական լրատուամիջոցները կը մտցնեն քաղաքացիներու գլուխները՝ թշնամիի կերպար ստեղծելով: Ասիկա կը յիշեցնէ Հիթլերի ցեղային տեսութիւնը հրեաներուն եւ սլաւոններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պետութեան բոլոր հարցերը հրեաներուն վերագրելու մոլուցքը», կը գրէ Լափշին: