ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ
Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերին, Լոնտոնի Սէյնթ Ժէյմզ Փիքատիլլի (St. James Piccadilly)
եկեղեցի-համերգասրահին մէջ, Հայ հիմնարկը (Armenian Institute) իր հիմնադրութեան 16ամեակը նշեց սքանչելի նուագահանէսով մը, մասնակցութեամբ համբաւաւոր երեք հայ արուեստագէտներու, յանձինս ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի, թաւջութակահար Ալեքսանտր Չաւուշեանի եւ դաշնակահար-յօրինող Կարէն Յակոբեանի, որոնք թէեւ միջազգային երաժշտական շրջանակներու մէջ ծանօթ են որպէս մենակատարներ, այս առիթով, սակայն, հանդիսատեսին ներկայացան որպէս եռանուագի (trio) անդամներ: Սխալ չհասկցուելու համար մատնանշենք, որ Լեւոն Չիլինկիրեան, թէեւ որպէս մենակատար ունեցած է անհամար ելոյթներ, 1971էն սկսեալ գլխաւորաբար նուագած է իր իսկ հիմնած «Չիլինկիրեան Քառեակ»ին հետ:
Իւրաքանչիւր արուեստագէտի կատարողական ոճը ունի իր անհատական կնիքը: Աւելին՝ ամէն արուեստագէտ իր նուագած ստեղծագործութիւնը կ՛ընկալէ ու կը մեկնաբանէ ըստ իր հասկացողութեան եւ զգացողութեան: Ուրեմն, միշտ չէ որ անհատապէս յաջողութեան բարձունքներ գրաւած արուեստագէտը, նոյն բարձունքին կը հասնի, երբ ելոյթ կ՛ունենայ որպէս նուագախումբի մը մէկ անդամը: Անշուշտ Լ. Չիլինկիրեանի պարագան տարբեր է, քանի որ ան իր քառեակին հետ երկար տարիներ նուագելով՝ կուտակած է հարուստ փորձառութիւն: Անտարակոյս, այդ հանգամանքը այս նուագահանդէսին բացառիկ յաջողութեան մէջ եւս ունեցաւ իր դրական դերը:
Արդ, կրնանք անվարան հաստատել, որ նուագահանդէսի ամբողջ տեւողութեան, եռանուագի երեք անդամները ցուցաբերեցին բացառիկ իրարհասկացողութիւն, ինչպես նաեւ՝ երաժշտութեան հետ մերուելու, խնդրոյ առարկայ ստեղծագործութիւնը յաջող կատարելու բոլոր տուեալներն ու պահանջները ներդաշնակօրէն իրար աղիւսելու հազուագիւտ ունակութիւն: Անոնք կրցան, առանց իրենց կատարողական ինքնուրոյնութեան դաւաճանելու, ստեղծել եռանուագէ մը պահանջուած ներդաշնակ միասնականութիւնը, ձայներու՝ երբեմն կրքոտ, երբեմն ալ մեղմանոյշ գրկընդխառնումէն ծնած երաժշտական առինքնող մթնոլորտը:
Յայտագիրը կը բաղկանար Հայտընի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Պեթհովենի դաշնամուրի համար գրուած «թրիօ»ներէն, երեքն ալ հրաշալի ստեղագործութիւններ, զորս եռանուագը կատարեց ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ, հաւասրակշռուած յուզականութեամբ, անկեղծութեամբ, ապրումով եւ մեծ արուեստագէտներու միայն յատուկ վարպետութեամբ:
Հանդիսատեսը եռանուագի կատարումները ողջունեց երկար ծափահարութիւններով, իսկ Բաբաջանեանի պարագային, գնահատանքի փոթորկոտ բացագանչութիւններով:
Նշենք, թէ Հայ հիմնարկը կեանքի կոչուած է Լոնտոնի մէջ, 2001ին՝ հայ մշակութային արժէքները ուսումնասիրելու եւ տարածելու նպատակով: Այդ առաջադրութեան իրագործման համար, Հայ հիմնարկը կը կազմակերպէ տարին շուրջ երեսուն ձեռնարկներ, ներառեալ՝ դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, համերգներ, գեղարուեստական հաւաքոյթներ եւ այլն:
Հայ հիմնարկը ունի բաւական մեծ եւ որակաւոր գրադարան, բաղկացած հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, օսմաներէն եւ վրացերէն 8000 հատորներէ, որոնք նուիրուած են հայոց եւ Հայաստանի դրացի երկիրներու պատմութեան եւ մշակոյթին:
Հայ Հիմնարկի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար, այցելել
www.armenianinstitute.org.uk կայքը։