«Սփութնիք Արմէնիա».- Հայուհի Նատեժտա Պենկլեան Վրաստանի մէջ առաջին ու առայժմ միակ կին օդաչուն է։ Ան 25 տարեկան է եւ քանի մը ամիս առաջ սկսած է աշխատելու «Ճորճիըն Էրուէյզ» օդային ընկերութեան մէջ, ապացուցանելով որ կիները կրնան օդանաւ վարել այնքան լաւ, որքան այրերը։ Ան կը պատմէ որ հայրը կ՛աշխատէր օդանաւորդութեան մարզին մէջ, իսկ իրենք կ՛ապրէին Թիֆլիսի օդակայանին մօտակայքը գտնուող թաղի մը մէջ։
«Ես միշտ կը տեսնէի, թէ օդանաւերը ինչպէ՞ս կը թռչէին ու վայրէջք կը կատարէին, բայց օդաչու դառնալու մասնաւոր փափաք մը չունէի», կ՛ըսէ Պենկլեան՝ աւելցնելով, որ կին օդաչուի օրինակ ալ չունէր։
Նատեժտա Պենկլեան կը պատմէ, որ 15 տարեկանին, առաջին անգամ հօր հետ միասին երկինք բարձրացած էր ու այդ պահուն է, որ որոշած էր օդաչու դառնալ։ «Մտադրութեանս մասին ո՛չ մէկուն ըսի. դպրոցը վերջացնելէ ետք ծնողներս զարմանքով ընդունեցին իմ որոշումը։ Երկար ատեն պէտք եղաւ զանոնք համոզելու համար ու ի վերջոյ կրցայ հասնիլ ուզածիս, արձանագրուելով Վրաստանի օդանաւորդութեան համալսարանը։ Ինծի հետ երկու այլ երիտասարդուհիներ ալ ընդունուած էին այդ համալսարանը, բայց անոնցմէ մէկը չկրցաւ վկայուիլ՝ առողջական պատճառներով, իսկ ես ու միւս վրացուհին շրջանաւարտ եղանք։ Հիմա ես միակ կին օդաչուն եմ, իսկ ընկերուհիս աշխատանքի կը սպասէ», կը պատմէ Նատեժտա Պենկլեան։
Ըստ անոր՝ օդաչու մը պէտք է ճկուն եւ խելացի ըլլայ, որպէսզի կարենայ արագօրէն կողմնորոշուիլ ու իւրացնել ուսումնական նիւթերը։ Յիշելով առաջին թռիչքը, Նատեժտա կ՛ըսէ, որ անկարելի է փոխանցել իր տպաւորութիւնները, քանի որ չէր հաւատար, թէ պիտի կարենար կատարել այս գործը։