«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, թէ Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի «Սպանութեան Հրամանները. Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրներն Ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով անգլերէն նոր գիրքը Յունուար 2018ին հասանելի պիտի ըլլայ ընթերցողներուն,:
Հեղինակը կը յայտնէ, որ այս գիրքին մէջ ներառուած են երկու գլուխներ, որոնք չկան նախապէս թրքերէնով հրատարակուած «Նայիմ Էֆենտիի Յուշագրութիւնները Եւ Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրները» գիրքին մէջ:
«Շատ ոգեւորուած եմ: Գիրքս լոյս պիտի տեսնէ Յունուար 2018ին: Անոր մէջ կան երկու նոր գլուխներ, որոնք ներառնուած չէին թրքերէն Նայիմ Էֆենտիի յուշագրութիւններու մասին գիրքին մէջ: Այստեղ ոչ միայն կը ներկայացնեմ նոր փաստաթուղթեր, այլ նաեւ կը քննարկեմ «կեղծ ստորագրութիւններու» եւ «կեղծ ժամանակագրութեան» հարցը: Մեծ փափաք ունիմ այս նոր փաստերը ներկայացնելու թուրք ընթերցողներուն», կը յայտնէ հեղինակը:
2016ին, թրքերէնով հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի Յուշագրութիւնները Եւ Թալէաթ Փաշայի Հեռագիրները» գործին մէջ ներառուած Թալէաթ փաշայի հեռագիրներուն մէջ բացյայտօրէն կ՛երեւին հայերը ջարդելու հրամանները: Օրինակ‘ 22 Սեպտեմբեր 1915ի հեռագիրներէն մէկուն մէջ, Թալէաթ փաշան այսպիսի հրաման մը տուած է. «Հայերը Թուրքիոյ տարածքին ապրելու, աշխատելու իրաւունքներէն ամբողջութեամբ զրկուած են. պետութիւնը, իր վրայ վերցնելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը՝ կը հրամայէ ողջ չձգել նոյնիսկ օրօրոցի երեխաները»: