ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբերին, իր կազմակերպած ռատիօթոնին ընթացքին լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 90,560 ամերիկեան տոլար՝ ի նպաստ հիմնադրամի «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին, որուն շնորհիւ Արցախի տարածքին պիտի հորատուին արտեզեան ջրհորներ եւ պիտի հաստատուին ոռոգման ցանցեր, ինչպէս նաեւ հանրային կառոյցները պիտի օժտուին արեւային ուժանիւթով բանող համակարգերով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ուրախութեամբ կարդացինք Ազդակռի եւ ապա Ասպարէզռի փոսթին մէջ թէ Լիբանանի մէջ Արցախի համար հանգանակուած է 90 հազար 560 տոլար: Անցեալ տարի աւելի թիչ էր՝ 85 հազար, հինգ հազար աւելի գոյացած է այս տարի: Յուսանք որ յառաջիկայ տարի շատ աւելի հանգանակուի Արցախի համար, նկատի առած որ Ազգային Միացեալ Վարժարանին համար 3 միլիոն 21 հազար եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին համար մէկուկէս միլիոնի հանգանակութիւնը տեղի չունենայ եւ Արցախին նուիրուին գէթ ջանքերը: Ես ամօթ զգացի երբ կարդացի: