ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Արժանթինի Սան Լուիս նահանգը հաստատեց իր միացումը թիւ 26.199 Ազգային օրէնքին, որով Ապրիլի 2ը կը հռչակուի «Հանդուրժողականւթեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր»՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Այս մասին, ըստ «Թեր»չի՝ կը յայտնէ Pagina12.com.ar-ը՝ նշելով, որ Սան Լուիսը դարձաւ Արժանթինի 20րդ նահանգը, որ իր հաւատարմութիւնը կը յայտնել Ցեղասպանութիւնը ճանաչող օրէնքին:
Այսպիսով, նահանգի Ծերակոյտը 2 Նոյեմբերին կայացած նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութէան պաշտօնական ճանաչման օգտին եւ պատասխանատւութիւն ստանձնեց ոգեկոչման ձեռնարկներ իրականացնելու նահանգային մակարդակով:
«Ծերակոյտի օրէնսդիրներու՝ օրէնքին հաւատարմութեան այս քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային օրէնքի հռչակման եւ Մերքոսուրի խորհրդարանի հռչակագիրի տասնամեակին առիթով», յայտնեց Հայ Դատի Արժանթինի յանձնախմբի տնօրէն Նիքոլաս Սապունճեան:
Օրէնքին միացած նահանգներն են՝ Պուէնոս Այրես, Քաթամարքա, Ճուպութ, Քորտոպա, Քորիէնթեը, Էնթրէ Ռիոս, Խուխոյ, Լա Պամպա, Լա Ռիոխա, Մենտոսա, Նեքեն, Ռիօ Նեկրա, Սալտան, Սան Լուիս, Սան Խուան, Սանթա Քրուզ, Սանթա Ֆէ եւ Թիերա տել Ֆուէկօ: