ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Իմաստասէր Մարկ Նշանեան, «Թարգմանել օտարութեան մէջ» խորագրուած ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացնէ նոր լոյս տեսած իր հատորները, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205)։ Հեղինակը պիտի ներկայացուի Յակոբ Կիւլլիւճեանի կողմէ:
Մուտքը ազատ է: Ներկաները պիտի հիւրասիրուին:
Մարկ Նշանեան պիտի բացատրէ օտարութեան մէջ թարգմանելու մարտահրաւէրները, Երեւանի մէջ նոր հրատարակուած իր վերջին երկու թարգմանական եւ ուսումնասիրական գիրքերուն առիթով. Նիցչէի «Դերաքրիստոսը՝ Անէծք Քրիստոնէութեան Դէմ» ու իր «Ֆրիդրիխ Նիցչէ՝ Վասն Ինքնիշխանութեան» միահատորը եւ Անթուան Պերմանի՝ «Օտարութեան Փորձընկալումը՝ Մշակոյթ Եւ Թարգմանութիւն Վիպապաշտ Գերմանիոյ Մէջ» հատորը: Ան պիտի անդրադառնայ վերջին երկու դարերուն Եւրոպայի մէջ ծաւալած թարգմանական ծրագիրներուն ու անոնց զուգահեռ՝ հայկական աշխարհէն ներս թարգմանական արարքի վերիվայրումներուն:
«Թարգմանելով՝ անշուշտ ամէն լեզու երկխօսութիւն մը կը ստեղծէ ինքն իրեն հետ, այսինքն՝ ի միջի այլոց՝ ինքն իր օտարութեան հետ: Վերապրող լեզուի մը փորձառութիւնը ուրի՛շ է, սակայն: Ստիպուած է ան ինքն իր մէջ արձանագրելու (մինչեւ իսկ բեմադրելու) իր երկխօսութիւնը ինքնիշխան լեզուին հետ, նոյն լեզուին հետ որպէս ինքնիշխան: Այդ մէկը կ՛ըլլայ միայն թարգմանութեամբ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մարկ Նշանեան Քոլոմպիա համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչն էր 1996էն 2007: Ապա եղած է այցելու դասախօս՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը եւ Պոլսոյ անգլիախօս Սապանճը համալսարանը: Ան հրատարակած է «Կամ» հանդէս-վերլուծականի վեց հատորները: Ունի Յակոբ Օշականի մասին համապարփակ մատենագիտութիւն մը: Ունի նաեւ հատոր մը՝ հայոց լեզուի պատմութեան շուրջ (1988), եւ ֆրանսերէն գրուած եռահատոր աշխատասիրութիւն մը՝ «Ages et usages de la langue armenienne», Ի. դարու հայալեզու գրականութեան վերաբերեալ: Անգլերէնով իր հրատարակութիւններէն են՝ «Writers of the Disaster» (2002), «The Historiographic Perversion» (2009) եւ «Mourning Philology» (2014):
Ան վերջերս հրատարակած է «Պատկեր, Պատում, Պատմութիւն» գիրքը՝ երկու հատորով, «Փիլիսոփայական Բարեկամութիւն Մը» (2015, ֆրանսացի վիպագիրներու մասին) եւ «Մրցակցութիւններ» (2016, Սփիւռքի հայ վիպագիրներուն մասին), վերջին երկուքը՝ Երեւան, «Ակտուալ Արուեստ»ին կողմէ: Հայերէնի թարգմանած է Վալթեր Պենիամինէն, Մորիս Պլանշոյէն, Ժորժ Պաթայէն, Նիցչէէն եւ եւրոպացի այլ հեղինակներէ գործեր:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։