Բաբգէն Սասունի ծնած է Ֆրանսայի Շավիլ քաղաքը, 1929ին: Ան ամենափոքր զաւակն էր Կարօ եւ Լոլա Սասունիներուն: Հայրը՝ վաստակաւոր մտաւորական, հեղինակ եւ յեղափոխական գործիչ էր, իսկ մայրը՝ մարդասիրութեան ջատագով, հայ որբերու խնամատար ու ընկերային ծառայող: Իր մեծ եղբայրները՝ Սուրէնն ու Վիգէնը, ծնած էին յաջորդաբար 1920ին՝ Հայաստան եւ 1922ին՝ Թաւրիզ, Պարսկաստան:
Սասունի ընտանիքը Հալէպ փոխադրուեցաւ 1934ին եւ ի վերջոյ Պէյրութ՝ 1936ին: Բաբգէն յաճախեց Համազգայինի Ճեմարանը, ուր իր նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացաւ հայ ուսման տիտաններ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի ու իր հօր՝ Կարոյի շունչին տակ:
Բաբգէնի ամենամտերիմ ու ամենամօտիկ ընկերային յարաբերութիւնները ծայր առին Ճեմարանի մէջ, յատկապէս իր ապագայ կնոջ՝ Մարժէօլէնի հետ:
Բաբգէնը Ճեմարանը աւարտեց 1946ին եւ իր ուսումը շարունակելու համար յաճախեց նախ Լիսէ Ֆրանսեզ տը Պերութ ու ապա տեղւոյն Ուսողութեան կեդրոնը՝ «Սանթր տը Մաթեմաթիք»ը, ուրկէ աւարտեց փայլուն նիշերով:
Այս շրջանին էր նաեւ, որ Բաբգէն իր կուսակցական երդումը տալով՝ միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն եւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան մնաց իր սիրած կուսակցութեան գործունեայ անդամը եւ անոր ընդմէջէն անսակարկ նուիրումով ծառայեց իր ազգին ու հայրենիքին:
1953ին, Մարժէօլէն Պուտաքեանի հետ նշանուելէն ետք, Բաբգէն մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր իբրեւ երկրի քաղաքացի ծառայեց ֆրանսական բանակին մէջ ու զինուորական պաշտօններ ստանձնեց Գերմանիոյ Քոպլենց քաղաքին եւ Թունուզի մէջ: Ան բանակին մէջ հասաւ քափիթենի աստիճանին եւ պատուով աւարտեց զինուորական ծառայութեան ընթացքը՝ 1955ին:
Ապա Բաբգէն ընդունուեցաւ Սորպոն համալսարանի Հանրի Փուենքարէյի անուան ուսողութեան հիմնարկը: Ան սիրահար էր գիտութիւններու եւ մանաւանդ ուսողութեան լեզուին ու կ՛ուզէր բնութեան օրէնքները գրել մաթեմաթիքի հաշուարկներով: Ան ուսողութեան մագիստրոսի վկայականը ստացաւ 1955ին:
Բաբգէն եւ Մարիժոլէն իրենց ամուսնութիւնը կնքեցին Փարիզի Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, 1955ին: Անոնք Փարիզ բնակեցան մինչեւ 1957: Երբ համակարգիչներու նորաստեղծ կալուածին վերաբերող գործի առիթ մը ստեղծուեցաւ Բաբգէնին համար, անոնք ընտանեօք մեկնեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցան Ֆիլատելֆիա, ուր կը բնակէր նաեւ Բաբգէնի մեծ եղբայրը՝ Վիգէնը: Այս նոր աշխատանքի մարզին մէջ էր, որ Բաբգէն սկսաւ իր ուսողութեան գիտութիւնը յատկացնել համակարգչային նախնական լեզուի մը ծրագրաւորման, նախ ANIAC համակարգիչին, որ գիտական շրջանակներու մօտ ստացած էր «մեծ ուղեղ» անունը ու ապա անոր յաջորդող UNIVAC համակարգիչի յատուկ լեզուին ծրագրաւորման՝ Փենսիլվանիոյ համալսարանին ու ապա RAND Corporation-ին մէջ՝ աշխատակցելով հանրածանօթ ֆիզիկոս Ուիլիըմ Մաուքլիի: Բաբգէն հրատարակեց համակարգիչի նորարար գիւտին վերաբերող գիտական կարգ մը յօդուածներ, որոնք այդ գիտական դաշտի նախնական ամրապնդման նպաստեցին:
Բաբգէնի եւ Մարիժոլէնի առաջին զաւակը՝ Մարալը, ծնաւ 1958ին: Նոյն տարին Սասունի ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը: Բաբգէն գործի ընդունուած էր Burroughs Corporation-ի կողմէ, որ համակարգչային հանրածանօթ ընկերութիւն մըն էր ու ամէնէն նորարարը համակարգիչներու մարզէն ներս: Իրենց երկրորդ եւ երրորդ զաւակները՝ Կարօն ու Գեւոն ծնան Փասատինա՝ յաջորդաբար 1960ին եւ 1961ին:
1960ականններու սկիզ-բը, Բաբգէն աշխատակցեցաւ Control Data Corporation-ին: Շուտով, Բաբգէն կարգ մը գործընկերներու հետ հիմնեց Computer Communications Inc. (CCI) ընկերութիւնը, որուն յաճախորդներու շարքին էին կառավարական հաստատութիւններ՝ ինչպէս NASA-ն ու շուտով Pentagon-ը, որոնց հետ գործակցելու համար ստացաւ ամերիկեան կառավարական գիտաճարտարարուեստի ապահովութեան բարձր աստիճան, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէր իրեն իմանալու իր մարզին մէջ օր ըստ օրին ստեղծուած բոլոր նորութիւնները:
Աշխատանքային այս բեղուն տարիներուն Բաբգէն երբեք չմոռցաւ իր ընտանիքն ու ազգը: Ան հիմնադիր անդամներէն եղաւ Փասատինայի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան եւ բազմաթիւ քաղաքական, կրօնական, ուսումնական ու մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպեց 1960ական, 1970ական եւ 1980ական թուականներուն: Ան հիմնադիր անդամներէն էր նաեւ Համազգայինի Մշակութային Ընկերակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան (1968ին): Բաբգէն Սասունի 70ական եւ 80ական թուականներուն բազմաթիւ հանդիպումներ ու ժողովներ ունեցաւ տեղական քաղաքական դէմքերու հետ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ձեռնարկներու կազմակերպման համար: Ան ՀՅԴի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի ու Համազգայինի բարձրագոյն մարմիններուն մէջ ղեկավար պաշտօններ ստանձնեց իր կեանքի տեւողութեան, ինչպէս նաեւ 1976ին ան մասնակցեցաւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին, որ տեղի կ՛ունենար Միջին Արեւելքի մէջ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ու տագնապալի ժամանակաշրջանին:
Այս խառնաշփոթ ժամանակին էր, երբ շատ մը հայեր, լքելով Միջին Արեւելքը՝ կը հաստատուէին Ամերիկա ու մանաւանդ Լոս Անճելըս: Բաբգէն Սասունի կուսակցական ճամբով իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ այս նորեկներով ընդլայնուած Լոս Անճելըսի նոր գաղութի կազմակերպման ու վերելքին մէջ:
Բաբգէնը խառնուածքով ու կեցուածքով հանդարտ մարդ էր: Սակայն այդ հանդարտութեան մակերեսին ներքեւ կար հայրենիքի ու ազգի սիրով բոցավառած հոգի մը: Ան պաշտպանն էր մայրենիին ու այդ լեզուով խօսող հասարակութեան: Գաղութի հրամայական պահերուն ան իր ռազմավարական մօտեցումներով կը հմայէր շուրջբոլորը: Ան բաց էր նոր ու զանազան տեսակի միտքերու: Երբեք կամքը չէր պարտադրեր ժողովներու ընթացքին: Կը փորձէր հաւաքական ու նորարար գաղափարներով դուրս գալ նման պարագաներուն: Իր այս կազմուածքով ու խոր միտքերով ան օրինակ դարձաւ գաղութի ղեկավարութիւնը ստանձնած շատ մը անհատներու:
1988ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, Բաբգէն կոչուեցաւ նախագահութիւնը վարելու Լոս Անճելըսի գաղութի Երկրաշարժի օգնութեան համահայկական մարմինին: Իր այդ պաշտօնին բերումով ան բազմիցս այցելեց հայրենիք՝ անտուն ու անպատսպար մնացած հայորդիներու կարիքները հոգալու աշխատանքով: Ան այս իմաստով իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան Երեւանի ու Թալինի շրջաններուն մէջ 1990ականներուն բացուած ակնաբուժական կեդրոններուն յաջողութեան մէջ:
Բաբգէն Սասունի նաեւ կը սիրէր քէֆն ու խնճոյքը: Ան հաճոյքով տեղ կը գրաւէր իր կամ ընկերոջ մը տան մէջ սարքուած խնճոյքի սեղանին շուրջ, ուր խօսակցութեան նիւթերը բազմազան էին՝ սկսելով օրուան քաղաքական հրատապ հարցերէն մինչեւ երիտասարդական ու մանաւանդ իրենց դպրոցական օրերուն կատարուած դասընկերներու միջեւ չարաճճի խաղերը: Իրար զարնուող բաժակներն ու բարձրաձայն խնդուքը կը լեցնէին սենեակը, ուր բացակայ չէր նաեւ սիկարէթի ծուխը, երբ քիչ անդին փոքրիկները կը խաղային ու երբեմն զարմանքով կը դիտէին մեծահասակներուն: Թերեւս սեղանին շուրջ նստած ծնողները իրենց միտքէն իսկ չէին անցներ, որ այդ փոքրերը դիտելով ու մտիկ ընելով մեծահասակներուն, իրենց միտքերուն մէջ կը դրօշմուէին ըսուածները, ինչ որ այսօր իրենց մօտ կը մնան իբրեւ իրենց ծնողներէն փոխանցուած թանկագին յուշեր…
Վերջին տարիներուն, երբ Բաբգէնի թոռնիկը՝ Արմէն Կարօն ծնած էր արդէն, անոր սիրտը ոչ մէկ բանէ այնչափ կը հրճուէր, որքան Արմէն Կարոյի այցելութիւնները: Արմէն Կարօն, թոռնիկը, Բաբգէնի համար «աշխարհի ամենալաւ տղան» էր եւ ինք պէտք է ամէն անգամ ամուր փաթթուէր թոռնիկին ու պաչիկներ տեղաւորէր անոր թուշերուն վրայ:
Բաբգէնի ազնուութիւնն ու վառվռուն ոգին իսկապէս եզակի էին… Ընտանիքի հանդէպ իր սէրը դանայան տակառի նման անյատակ էր… իսկ իր հայկականութիւնը հսկայ ապառաժի նման տոկուն էր ու ամրակուռ: Ան ամբողջական կեանք մը ապրեցաւ ու տակաւին կ՛ապրի սիրտերուն մէջ այն բոլորին, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին ճանչցան ընկեր Բաբգէն Սասունին ու հրապուրուեցան անոր անզուգական կերպարով…
Հողը թեթեւ գայ վրադ… Հանգչիր անխռով, սիրելի ընկեր Բաբգէն…
